Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն Կը Պնդէ, Որ Հայկական Զինուած Ուժերը Պէտք Է Դուրս Հանուին Նաեւ Ղարաբաղէն

Պաքուն Կը Պնդէ, Որ Հայկական Զինուած Ուժերը Պէտք Է Դուրս Հանուին Նաեւ Ղարաբաղէն

by MassisPost

Հայկական ու ատրպէյճանական կողմերը տարբեր կերպ կը մեկնաբանեն Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան դրոյթները, եւ այդ է Հատրութի շրջանին մէջ սկիզբ առած լարուածութեան պատճառներէն մէկը, կը պնդէ ռուսական «Քոմերսանթը»՝ յղում ընելով թեմային տեղեակ իր աղբիւրներուն։

Պաքուն, մասնաւորապէս, կը պնդէ, թէ հայկական զինուած ուժերը պէտք է դուրս հանուին Լեռնային Ղարաբաղի ողջ տարածքէն․ որպէս հիմնաւորում, Ատրպէյճան կը մէջբերէ եռակողմ յայտարարութեան չորրորդ կէտը, որ կ’ըսէ՝ «Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ առաքելութիւնը կը տեղակայուի հայկական ուժերու դուրս ելլելուն զուգահեռ»։

«Հիմա մենք կը տեսնենք, որ խաղաղապահները ողջ ծաւալով արդէն տեղակայուած են, բացուած է հիւանդանոց եւ միջկառավարական մարդասիրական կեդրոն, բայց զինուած մարդիկ՝ հայերը, դեռ կը մնան», – թերթին ըսած է ատրպէյճանցի քաղաքագէտ, «Վալտայ» ակումբի փորձագէտ Ֆարհատ Մամատովը՝ աւելցնելով․ – «Մեր համոզմամբ, այդ զինուած խմբաւորումները սպառնալիք կը ստեղծեն ոչ միայն ատրպէյճանցիներուն, այլ, առաջին հերթին, ռուս խաղաղապահներուն համար»։

Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի պաշտօնեաները հրաժարած են մեկնաբանութիւններէ, պաշտօնական Ստեփանակերտը նաեւ չէ պատասխանած «Քոմերսանթ»-ի հարցին, թէ այս պահուն ի՞նչ կը կատարուի Հին Թաղեր ու Խծաբերդ գիւղերուն մէջ, որոնք անցեալ շաբաթավերջին անցած էին ատրպէյճանական ուժերու վերահսկողութեան տակ։

«Հայ պաշտօնեաները կը հրաժարին այս թեմայով բաց խօսելէ, սակայն զրոյցներուն՝ անանուն մնալու պայմանով, կ’ակնարկեն, որ, իրենց կարծիքով, յայտարարութեան չորրորդ կէտը կը վերաբերի միայն Քելբաջարին, Աղդամին ու Լաչինին, որոնք յանձնուած են Ատրպէյճանին մինչեւ Դեկտեմբեր 1-ը։ Այսինքն, ըստ հայկական կողմին, զինուած ուժերը պէտք է դուրս հանուին միայն Ղարաբաղի յարակից շրջաններէն, մինչդեռ բուն Ղարաբաղի տարածքէն ներս պէտք է գործէ յայտարարութեան մէկ այլ դրոյթ՝ առաջինը։ Այնտեղ ըսուած է, որ հրադադարի հաստատումէն յետոյ՝ Նոյեմբեր 10-ի կէսգիշերէն սկսեալ, «Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը կանգնին իրենց գրաւած դիրքերը», ուստի, Հատրութի շրջանը ինկած այդ գիւղերը պէտք է մնան հայկական ուժերու եւ կամաւորներու վերահսկողութեան տակ», – յղում ընելով հայերուն՝ կը գրէ «Քոմերսանթը»։

Պաշտօնական Պաքուն, արտաքին գործոց նախարարութեան մակարդակով հակադարձած է, թէ հայկական կողմի այդ պնդումները իրականութեան չեն համապատասխաներ։

«Յայտարարութեան բնագիրը ռուսերէնով է, եւ այնտեղ ամէն ինչ յստակ գրուած է։ Այն, ինչ ձեզի կ’ըսեն հայերը, ընդամէնը մեկնաբանութիւն է, իսկ մենք յղում կ’ընենք բուն բնագրին», – թերթին ըսած է արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ներկայացուցիչ՝ Լէյլա Ապտուլաեւան։

Փաստելով, որ կողմերը հիմա ալ եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու մեկնաբանութեան շուրջ պատերազմ սկսած են՝ «Քոմերսանթ» կ’արձանագրէ, որ ռուս խաղաղապահները ի վերջոյ որոշած են Հատրութի շրջանի երկու գիւղերու շուրջ վէճը, յօգուտ Ատրպէյճանին կարգաւորել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment