Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահը Պատրաստ Է Հրաժարական Տալ, Երբ Երկիրը Պատրաստ Ըլլայ Նոր Ընտրութիւններուն

Արցախի Նախագահը Պատրաստ Է Հրաժարական Տալ, Երբ Երկիրը Պատրաստ Ըլլայ Նոր Ընտրութիւններուն

by MassisPost

Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան պատրաստ է առաջին իսկ հնարաւորութեան հրաժարական տալ, այս մասին ան անձամբ յայտարարեց այսօր՝ Դեկտեմբեր 16-ին հրապարակուած ուղերձով՝ նշելով, որ կը դիմէ այդ քայլին, երբ Արցախը պատրաստ ըլլայ նոր ընտրութիւններուն։

«Առաջին իսկ հնարաւորութեան պահին վայր եմ դնելու նախագահական լիազօրութիւններս եւ ողջամիտ ժամկէտում Արցախում կազմակերպուելու են արտահերթ համապետական ընտրութիւններ, որի ժամանակ ես չեմ առաջադրուելու եւ դուրս եմ գալու քաղաքականութիւնից», – ըսած է Յարութիւնեան։

Իսկ թէ ինչո՞ւ պատերազմէն անմիջապէս յետոյ հրաժարական չէ տուած, Արցախի նախագահը քանի մը պատճառ նշած է, ներառեալ նաեւ այն, որ արտահերթի համար պատշաճ միջավայր չէ ձեւաւորուած, ներքաղաքական պայքարի ժամանակը չէ, նաեւ, որ չի հրաժարիր այս ծանր շրջանին իր պատասխանատւութենէն։ Յարութիւնեան յայտնեց նաեւ, որ որոշած է հրաժարիլ Արցախի իշխող «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան նախագահի պաշտօնէն եւ դուրս գալ կուսակցութենէն, որպէսզի, ինչպէս ձեւակերպած է, «նախագահի պաշտօնում կարողանայ գործել եւ ընկալուել որպէս պետութեան վերկուսակցական գլուխ»։

Այս տարուայ Ապրիլին նախագահ ընտրուած Արայիկ Յարութիւնեանը այսօր նաեւ յայտնեց, որ այսուհետեւ պատրաստակամ է Սահմանադրութեամբ իրեն լիազօրուած որոշումները կայացնել Ազգային ժողովի, Անվտանգութեան խորհուրդի եւ աւելի լայն հասարակական-քաղաքական շրջանակներու հետ համատեղ։ Աւելին, տեղեկացնելով, որ պիտի ընդլայնուի Վիթալի Պալասանեանի գլխաւորած Անվտանգութեան խորհուրդի կազմը՝ Յարութիւնեան պարզաբանած է, որ Արցախի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան առնչուող իր բոլոր հրամանագիրներն ու կառավարութեան որոշումները պիտի ընդունուին բացառապէս Անվտանգութեան խորհուրդի դրական եզրակացութեամբ։

«Ընդհանրապէս, հանրային քննարկումների անցկացումը պէտք է դառնայ մեր քաղաքական մշակոյթի ու կառավարման համակարգի օրկանական մասը», – նշեց Արայիկ Յարութիւնեան:

Արցախի նախագահը ընդգծած է, որ պատասխանատւութիւն կը կրէ ստեղծուած իրավիճակին համար, սակայն, նշած է, որ պէտք է թացը չորէն տարբերել. «Եթէ Սահմանադրութեամբ Հանրապետութեան նախագահը Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան երաշխաւորն է, արդեօ՞ք ունեցել եմ ներքին ու արտաքին բաւարար հնարաւորութիւններ ու լծակներ այս լայնածաւալ պատերազմում լիովին երաշխաւորել նշուած չորս արժէքները եւ արդեօ՞ք ինձնից կախուած առաւելագոյնը չեմ կատարել այդ ուղղութեամբ: Կամ եթէ Սահմանադրութեամբ Հանրապետութեան նախագահը զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարն է, ապա ու՞մ համար է գաղտնիք, թէ իրականում Պաշտպանութեան բանակն ինչպէս ու որտեղից է կառավարւում եւ թէ որքանով է Արցախի Հանրապետութեան նախագահն ընդգրկուած այդ գործընթացներում»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment