Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տեղի Ունեցած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Արտահերթ Նիստ

Տեղի Ունեցած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Արտահերթ Նիստ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութենէն ներս տեղի  ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) արտահերթ նիստ:

Բացի ԱԽ անդամներէն՝ նիստին մասնակցած են նաեւ ՀՀ նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար՝ Լիլիթ Մակունցը, «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեանը, ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձաժողովի նախագահ՝ Ռուբէն Ռուբինեանը, ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ՝ Անդրանիկ Քոչարեանը, «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցիչ, պատգամաւոր՝ Արման Աբովեանը:

ԱԽ նիստը սկսած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի աղօթքով:

Նիստի ընթացքին քննարկուած են ատրպէյճանաթրքական յարձակումի հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու հակառակորդին հակազդելու ուղղութեամբ կատարուող քայլերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment