Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Կը Շարունակէ Խախտել Մարդասիրական Հրադադարը

Ատրպէյճանը Կը Շարունակէ Խախտել Մարդասիրական Հրադադարը

by MassisPost

Հայկական կողմը առաւօտէն կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ խախտել մարդասիրական հրադադարը՝ կրկին թիրախաւորելով խաղաղ բնակավայրերը եւ գիւղերը:

Մասնաւորապէս, ըստ պաշտօնական Ստեփանակերտի, Մարտակերտ քաղաքին հրթիռահրետանային հարուածներ հասցնելէ բացի, այդ ուղղութեամբ երէկ նաեւ կիրառուած է ռազմական օդուժ: Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակը յայտնած է, որ Սու-25 գրոհիչ օդանաւ խոցուած է։

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս եկած է հաղորդագրութեամբ՝ նշելով, որ  Հոկտեմբեր 14-ին ատրպէյճանական զինուժը թիրախաւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ, Քարվաճառի հետ սահմանակից գօտիին վրայ մարտական հերթապահութիւն կատարող մարտական սարքը՝ ընդամէնը ենթադրութիւններու հիման վրայ, թէ, իբր, այդ սարքը պատրաստ եղած է հարուածելու Ատրպէյճանի խաղաղ բնակավայրերը։

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները դարձեալ հաղորդած են, որ հայկական կողմը կրակի տակ կը պահէ Թերթերի շրջանը։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ շեշտած է․ – «Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանը ոչ միայն հրաժարւում է իրականացնել Հոկտեմբեր 10-ին ՌԴ նախագահ Փութինի նախաձեռնութեամբ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարների համատեղ յայտարարութեամբ հաստատուող կրակի դադարեցումը, այլեւ Թուրքիայի բացայայտ սադրանքով ձգտում է ընդարձակել ղարաբաղեան հակամարտութեան աշխարհագրութիւնը՝ արդէն նախայարձակ լինելով եւ բացայայտ յարձակում իրականացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ»։

Հայկական կողմը նաեւ յայտնեց, որ թիրախաւորուած է հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ գտնուող հիւանդանոց մը, ուր բուժում կը ստանան նաեւ քաղաքացիական անձինք։ Պաշտպանութեան բանակը սա բացայայտ ռազմական յանցագործութիւն կ’որակէ։ Ատրպէյճան այս տեղեկութիւնը առայժմ չէ մեկնաբանած:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ Արման Թաթոյեան տեղեկացուցած է, որ երէկ առաւօտեան Ատրպէյճանի զինուժը անօդաչու թռչող սարքերով հարուածներ հասցուցած է Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս, Սոթք բնակավայրերու մերձակայքը, վիրաւորուած է 14-ամեայ երեխայ, որ այժմ հիւանդանոցն է։

Կարմիր խաչը նախօրէին յորդորած էր կողմերը անվտանգութեան երաշխիքներ տրամադրելու իրենց աշխատակիցներուն, որպէսզի կարողանան ապահովել դիակներու դուրսբերումը եւ գերիներու փոխանակումը։ Արծրուն Յովհաննիսեան այս կապակցութեամբ ըսած է, որ ռազմաճակատի թէկուզ մէկ հատուածին մէջ այն հնարաւոր չէ եղած իրագործել․ – «Միայն Մարտակերտի ուղղութեամբ մի հատ դրուագ է եղել, որ կարողացել են դիակներ փոխանակեն, ու շատ արագ էդ դադարեցուել է, որովհետեւ միջազգային դիտորդներին թոյլ չեն տուել գալ․․․ մենք էլ դադարեցրել ենք»։

Հայկական կողմը մինչեւ օրս հաղորած է 532 զոհուած զինծառայողի անուն, Ատրպէյճանը՝ ոչ մէկ։ Պաքուն բանակին մէջ կորուստները գաղտնի կը պահէ։

«Ինչը կասկածելի ա, չենք կարող ասել։ Օրինակ, երէկ երկու զինծառայող Մատաղիսի ուղղութեամբ դուրս են եկել, տասը օր պահ մտած են եղել անտառներում։ Տեղեկութիւն չունէինք ո՛չ մենք, ո՛չ ծնողները։ Բայց վերջնական ստուգումները էսպէս են ընթանում։ Այլ է հարցը Ատրպէյճանի պարագայում, որ բացարձակ թիւ չեն ներկայացնում», – նշած է Յովհաննիսեան։

Այս պատերազմի հետեւանքով Ատրպէյճանի տարածքին հայազգի երկու գերի կայ, որոնց հարազատները դիմած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան՝ պահանջելով անոնց վերադարձնել։

Լեռնային Ղարաբաղը մինչեւ օրս հաղորդած է 31 խաղաղ բնակիչի զոհուելու մասին։ Ատրպէյճանը, Հոկտեմբեր 13-ի տուեալներով, յայտնած է 41 քաղաքացիական զոհի մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment