Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Մեր Կառավարութիւնը Հրաժարած Է Տարածքներ Յանձնելէ Արցախի Խաղաղութեան Դիմաց». Նիկոլ Փաշինեան՝ Պատերազմի Պատճառներու Մասին

«Մեր Կառավարութիւնը Հրաժարած Է Տարածքներ Յանձնելէ Արցախի Խաղաղութեան Դիմաց». Նիկոլ Փաշինեան՝ Պատերազմի Պատճառներու Մասին

by MassisPost

«Արցախը, բանակը, զինուորը, առաջնագիծը, ահա թէ ինչը պէտք է լինի մեր ջանքերի կիզակէտը սփիւռքում, թէ Հայաստանում», – իր ուղերձով յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան:

Այսօր՝ Հոկտեմբեր 14-ին, պատերազմի 18-րդ օրը, ուղերձով ժողովուրդին դիմած են Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարները՝ կոչ ընելով համախմբուելու ու մասնակցելու մարտական գործողութիւններուն։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ պատերազմի պատճառներուն մասին։ Ատրպէյճանը կը պահանջէր տարածքներ ոչ թէ Արցախի կարգավիճակի, այլ խաղաղութեան դիմաց, ինչ որ անընդունելի է:

«Այդ պահանջի էութիւնը հետեւեալն էր. անյապաղ Ատրպէյճանին յանձնել 7 տարածքներից 5-ը, ներկայացնել մնացեալ 2 տարածքները յանձնելու յստակ ժամանակացոյց եւ արձանագրել, որ Լեռնային Ղարաբաղի որեւէ կարգավիճակ՝ պէտք է լինի Ատրպէյճանի կազմում: Ընդ որում, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի ճշգրտումը որեւէ պատճառահետեւանքային կապի մէջ չպիտի լիներ տարածքների յանձնման ընթացքին հետ: Այսինքն, տարածքներ պիտի յանձնուէին ոչ թէ կարգավիճակի, այլ խաղաղութեան դիմաց՝ հակառակ դէպքում Ատրպէյճանը սպառնում էր պատերազմով լուծել հարցը», – ըսաւ վարչապետը:

Փաշինեան յայտարարեց, թէ իր գլխաւորած կառավարութիւնը այս տարբերակի քննարկումէն հրաժարած է՝ պնդելով առանց Արցախի կարգավիճակի որոշակիութեան, հարցի կարգաւորումը հնարաւոր չէ։ Այս ալ Ատրպէյճանը անընդունելի համարած է, հարցը տեղափոխելով ռազմական տիրոյթ, զարգացնելով Արցախը հայաթափել, զինուիլ եւ ռազմական հռետորաբանութիւնը։

Ըստ վարչապետին, տաւուշեան մարտերն ալ ապացուցեցին անսպասելին՝ ատրպէյճանական բանակը ի վիճակի չէ ռազմական ճանապարհով լուծել Ղարաբաղի հարցը, այս ցնցող նշանակութիւն ունեցաւ Ատրպէյճանի, այլեւ Թուրքիոյ համար, որ այդ մարտերէն յետոյ Սուրիայէն ահաբեկիչներ ու վարձկաններ տեղափոխեց հակամարտութեան գօտի, հասկնալով, որ ատրպէյճանական զինուժը բաւարար չէ այդ հարցի լուծման համար։

«Այս իրավիճակում մենք փորձեցինք գործի դնել ռազմավարական զսպման մեքենականութիւն՝ այն պարզ հաշուարկով, որ եթէ Թուրքիան Հարաւային Կովկասում հասնի իր նպատակներին, դա անխուսափելիօրէն յանգեցնելու է իրադարձութիւնների շղթայական փոխազդեցութեան, եւ հետեւաբար՝ տարածաշրջանային եւ արտատարածաշրջանային այն երկրները, որոնք անխուսափելիօրէն դառնալու են այդ ապակայունացման առարկայ, պէտք է ռազմավարական զսպման գործողութիւններ ձեռնարկեն», – յայտարարեց Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը:

Այս փուլին սակայն, ռազմավարական զսպման հնարաւորութիւն ունեցող երկիրները պատշաճ չգնահատեցին վտանգը, հարցը շարունակելով դիտել միայն Ղարաբաղի հակամարտութեան շրջածիրէն ներս, ըստ էութեան, համարելով, որ տարածքներ խաղաղութեան դիմաց բանաձեւը կրնայ փրկել իրադրութիւնը, շեշտեց Փաշինեան։

«Սա, ի հարկէ, անընդունելի լինելով մեզ համար շատ նման է 1938 թուականի Միւնիխեան համաձայնութեանը, երբ իբր յանուն խաղաղութեան եւրոպական մի շարք տէրութիւններ Գերմանիայի զիջեցին Չեխոսլովաքիան, իսկ թէ ինչ եղաւ յետոյ գիտէք բոլորդ: Հիմա հարցը հետեւեալն է՝ արդեօք աշխարհը թոյլ է տալու մի նոր Հիթլերի ձեւաւորումն այս անգամ Փոքր Ասիայում», – ըսաւ վարչապետը:

Վարչապետի խօսքով՝ թուրք-ատրպէյճանական դաշինքը կը շարունակէ սահմանի ամբողջ երկայնքով յարձակումը, չնայած հինգ օր առաջ Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած մարդասիրական հրադադարի պայմանաւորուածութեան։

«Այս պահին մեր զոհերի թիւը շատ մեծ է, եւ ես սգում եմ մեր քաջարի նահատակների համար, ովքեր իրենց կեանքով պաշտպանեցին հայրենիքը: Պատերազմի 18 օրուայ ընթացքում մեր հերոսական զօրքերը հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով որոշակի նահանջ են ունեցել: Վերջին օրերին հակառակորդը փոխել է իր մարտավարութիւնը՝ ներթափանցող խմբերով փորձելով խառնաշփոթ սկսել թիկունքում: Այսուհանդերձ, Արցախի Պաշտպանութեան բանակը, ծանր մարտերով, մարդուժի եւ զրահամեքենաների կորուստներ կրելով, վերահսկողութեան տակ է պահում ընդհանուր վիճակը՝ հակառակորդին պատճառելով մեծաթիւ կորուստներ մարդուժի եւ զինուած զրահամեքենայի», – նշեց վարչապետը:

Թուրք-ատրպէյճանական դաշինքը այդպէս ալ չի դադրեցներ յարձակումը Արցախի ու Հայաստանի նկատմամբ։ Այս օրերուն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրները ջանքեր կը գործադրեն հրադադարի հաստատման ուղղութեամբ, ընդգծեց վարչապետը, վերահաստատելով, որ հայկական կողմը հաւատարիմ է հարցի խաղաղ կարգաւորման։

«Մենք մեր սուգը պէտք է վեր ածենք ցասման, մեր մտավախութիւնները՝ վճռականութեան, մեր կասկածները՝ գործողութեան: Մենք պիտի յաղթենք:

Հայ ժողովրդին հնարաւոր չէ կոտրել, հայ ժողովրդին հնարաւոր չէ վախեցնել, հայ ժողովրդին հնարաւոր չէ յաղթել: Մենք կանգնելու ենք մինչեւ վերջ, մենք պայքարելու ենք մինչեւ վերջ, եւ այդ վերջի անունն է Ազատ եւ Երջանիկ Արցախ, Ազատ եւ Երջանիկ Հայաստան», – յայտարարեց Փաշինեան:

Հայաստանի վարչապետի ելոյթէն մէկ ժամ առաջ, համախմբուելու եւ մարտական գործողութիւններուն մասնակցելու կոչ ըրաւ Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան։

«Հակառակորդը, հակառակը, օգտուելով առիթից, յայտարարութեան յաջորդ օրուանից սկսել է աւելի հուժկու մարտական գործողութիւններ համարեա ճակատի ամբողջ երկայնքով՝ մանաւանդ հարաւային ուղղութեամբ։ Հակառակորդին յաջողուել է ինչ-որ տեղ մխրճուել, ինչ-որ տեղ ունենալ առաւելութիւններ եւ օր-օրի ճակատը տեղափոխել աւելի խորը տարածքներ: Դրա համար կոչ եմ անում ոչ միայն նիւթական, որը շատ կարեւոր է, շատ շնորհակալ եմ դրա համար, նաեւ ֆիզիքական ձեր մասնակցութիւնը, մենք դրա կարիքը զգում ենք», – յայտարարեց Արցախի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment