Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՍԴՀԿ-ի Կողմէ Արցախի Հերոս Ժողովուրդին

ՍԴՀԿ-ի Կողմէ Արցախի Հերոս Ժողովուրդին

by MassisPost

Արցախեան ռազմաճակատներուն վրայ այս օրերուն ծաւալուող ռազմական գործողութիւններուն առթիւ զօրաշարժի ենթարկուած է համայն Հայութիւնը՝ օգնութիւն հասցնելու համար Արցախի մարտնչող ժողովուրդին:

Վերջին օրերուն, Լոս Անճելոսահայ խումբ մը բարերարներ յատուկ օդանաւ մը վարձած էին, դեղօրայք, բժշկական գործիքներ եւ այլ գործիքներ ուղարկելու համար Հայաստան:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը օգտագործելով այս առիթը, նոյն թռիչքով 10 հատ ելեքտրական հոսանք արտադրող՝ մեծ չափի շարժական սարքեր ուղարկեց Արցախ:

«Նուիրուած բարերարների շնորհիւ ԱՄՆ-ում գործող Հայաստան Հիմնադրամը կազմակերպել է մարդասիրական օգնութեան համար նախատեսուած չարթերային չուերթ Լոս Անճելոսից դէպի Երեւան, որի շնորհիւ յատուկ բեռնատար օդանաւով հայրենիք են հասնելու մի քանի տոննա դեղորայք, վիրաբուժական եւ բժշկական սարքաւորումներ, մարդասիրական այլ օգնութիւն», այս առթիւ յայտարարեց Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Երեւանի կեդրոնական գրասենեակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment