Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանը Երկու Արանքի Միջեւ

Փաշինեանը Երկու Արանքի Միջեւ

by MassisPost

Վերջին շրջանին զգալիօրէն աւելցած են քննադատութիւններն ու դժգոհութիւնները Փաշինեանի կառավարութեան վարած ներքին քաղաքականութեան ու առած որոշ քայլերուն կապակցութեամբ, այս անգամ ոչ թէ ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ, այլ յեղափոխութեան աջակից նկատուող շրջանակներուն եւ նաեւ ժողովրդային խաւերուն կողմէ:

Այս երեւոյթը աւելի ցայտուն կերպով արտայայտուեցաւ Սահմանադրական Դատարանի վերջին նշանակումներուն առթիւ: իշխանութիւնները քննադատուեցան նախկին վարչակարգին ծառայած անհատները որպէս ՍԴ դատաւորներ առաջադրուելուն առիթով: Կառավարութեան կողմէ ներկայացուած առաջին թեկնածուի պարագային, ի յայտ եկաւ որ ան Մարտ 1-ի իրադարձութիւններուն առթիւ անարդար վճիռներ արձակած դատաւորի մը որդին է եւ կրնայ օրին մէկը ունենալ շահերու բախում: Կարելի եղաւ այս նշանակումին առաջքը առնել, երբ թեկնածուն ինքնակամ հրաժարեցաւ տեսնելէ ետք իր դէմ բարձրացած աղմուկի տարողութիւնը: Սակայն երկրորդը թեկնածուն՝ Երուանդ Խունդկարեանը, որու անունը ներկայացուած էր դատաւորներու ընդհանուր ժողովէն, հաստատուեցաւ Ազգային Ժողովին կողմէ, հակառակ որ անոր անցեալը եղած է ոչ այնքան փայլուն: Ան հաստատած էր Քոչարեանի կողմէ «Ա1+» անկախ հեռատեսիլ փակումը, իսկ տարիներ ետք Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանը այդ որոշումը գտնալով անարդար, պարտադրած էր Հայաստանի կառավարութեան 30 հազար Եւրօ վնասուց հատուցում վճարել «Ա1+»-ի սեփականատիրոջ:

Յատկապէս այս նշանակումը վրդովմունք յառաջացուց շատերու մօտ եւ նոյնիսկ կայ մտավախութիւն որ, Հրայր Թովմասեանը կրնայ դարձեալ ընտրուիլ Սահմանադրական Դատարանի նախագահ:

ֆէյսպուքեան երկար գրառումով մը վարչապետ Փաշինեան պատասխանեց իշխանութիւններու հասցէին բարեկամ շրջանակներէն եկող մեղադրանքներուն:

«2018 թուականի յեղափոխութիւնից յետոյ հանրային քննարկումների ամենատարածուած խօսոյթներից մէկը իշխանութիւնների սխալ քայլերի վերհանումն ու նրան ճիշդ քայլերի մղելու փորձերն են:

Հանրային քննարկումների դաշտում, սա, ի հարկէ հասկանալի եւ ընդունելի է, բայց իշխանութեան գործունէութեան տրամաբանութեան մէջ՝ չափազանց վտանգաւոր, որովհետեւ «ճիշդ» քայլերի փնտռտուքը կարող է կաթուածահար անել իշխանութիւնը եւ ի վերջոյ՝ նաեւ երկիրը, որովհետեւ որեւէ որոշում միշտ աւելի լաւը դարձնելու հնարաւորութիւն կայ, միշտ եւ ամէնուր կարող են լինել եւ անխուսափելիօրէն կը լինեն դիտարկումներ, քննադատութիւններ, առաջարկութիւններ, մէկը միւսից գեղեցիկ հիմնաւորումներով եւ փաստարկումներով:

«Բայց իշխանութիւնը պէտք է ի վիճակի լինի կայացնել որոշումներ, բնականաբար՝ ճիշդ որոշումներ: Բայց որքանո՞վ պէտք է այդ որոշումները ճիշդ լինեն, որքանով ճշգրտուած եւ իտէալական: Այս հարցը հրատապ է յատկապէս այսօր Հայաստանում իշխող քաղաքական ուժի՝ «Քաղաքացիական Պայմանագրի» պատմութեան եւ գաղափարաբանութեան համաթեքսթում», գրած էր Փաշինեան:

Վարչապետի այս տրամաբանութեամբ ընթանալու պարագային միշտ ալ կարելի կը դառնայ արդարացնել առնուած որեւէ որոշում: Յեղափոխական կառավարութիւնը պէտք է կարողանայ իր տեսակէտներն ու մօտեցումներու բացատրել եւ արդարացնել իր համակիրներուն ու ժողովուրդին առջեւ, որուն վստահութեան քուէն ստացած էր ոչ հեռու անցեալին:

Ճիշդ է, որ իշխանութեան ղեկին վրայ գտնուելով իրենք աւելի տեղեկացուած են եւ իրենց հաշուարկները կառուցուած են աւելի լայն տեսադաշտով, սակայն, միւս կողմէ, յեղափոխութեան կողմնակիցները ունին արդարացի մտահոգութիւններ, որ նախկին ապազգային ուժերը, տիրապետելով բաւական մեծ լծակներու, իշխանութեան վերադառնալու իրենց նպատակներուն մէջ կրնան հասնիլ որոշ յաջողութիւններու:

Այս կացութեան դիմաց իշխանութիւնները կրնան շարունակել ընել իրենց գործը, իսկ քննադատները շարունակեն ներկայացնել իրե՛նց մտահոգութիւնները: Այս նաեւ կ՛օգնէ, որ ժողովուրդը զգայ թէ իր հիասթափութիւնները օրակարգի վրայ են ու անոնց մասին խօսողներ ու արտայայտուողներ կան: Համոզուած ենք որ, այս երկու մօտեցումներու գլխաւոր դերակատարները, իրենց հետ ունենալով Հայաստանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը, երբ անհրաժեշտութիւնը ծագի, պիտի գտնուին նոյն խրամատին մէջ, պաշտպանելու համար երկիրը՝ վրէժխնդիր ուժերէն:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment