Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Ուղարկուող Գումարները Կրճատուած են

Հայաստան Ուղարկուող Գումարները Կրճատուած են

by MassisPost

«Ժողովուրդ» թերթը կը գրէ որ «Քորոնա» ժահրն ու անոր հետեւանքով յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ տիրող իրավիճակը իր բացասական ազդեցութիւնը ձգած է Հայաստան մուտք գործող գումարներուն վրայ:

Պաշտօնական աղբիւրներէ տեղեկացուցած է, որ այս տարուայ առաջին 7 ամիսներուն Հայաստան ուղարկուող գումարները, նախորդ տարուայ նոյն ժամանակաշրջանի համեմատ, կրճատուած են 15.3 տոկոսով։ Այսպէս, 2020 թուականի Յունուար-Յուլիս ամիսներուն Հայաստան ուղարկուած է 893 միլիոն 289 հազար տոլար, իսկ 2019 թուականի նոյն ամիսներուն՝ 1 միլիառ 55 հազար 256 տոլար։

Եւ ինչպէս յայտնի է, Հայաստան ուղարկուած գումարներու առիւծի բաժինը կու գայ  Ռուսաստանի Դաշնութենէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment