Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զեկոյց . Ռուսաստանը Հայաստանի Աւանդական, Բայց Ոչ Միշտ Յուսալի Դաշնակիցն է

Զեկոյց . Ռուսաստանը Հայաստանի Աւանդական, Բայց Ոչ Միշտ Յուսալի Դաշնակիցն է

by MassisPost

Ամերիկայի Ձայն

Ուաշինկթընի Քարնեկի հիմնադրամը հրապարակած է վերլուծաբան՝ Փոլ Սթրոնսքիի «There Goes the Neighborhood: The Limits of Russian Integration in Eurasia» վերնագիրով զեկոյցը յետխորհրդային երկիրներու նկատմամբ Ռուսաստանի վարած քաղաքականութեան մասին

Ռուսաստանի յաւակնութիւնները եւրասիական տարածաշրջանին մէջ եւ վարած կոշտ քաղաքականութիւնը կը յանգեցնեն տարածաշրջանային անկայունութեան, ըսուած է զեկոյցին մէջ: Այս ջանքերն ա՛լ աւելի ուժեղացան 2014 թուականին Ուքրանիոյ նկատմամբ Մոսկուայի զաւթողական բռնագրաւական գորոծողութիւններէն յետոյ: Որդեգրելով «մենք» ընդդէմ «անոնց» մօտեցումը՝ Ռուսաստանը կը փորձէ յստակ սահմանագիծ քաշել իր ազդեցութեան գօտիի երկայնքով եւ խափանել յետխորհրդային երկիրներու մերձեցումը Արեւմուտքին հետ:

Այս քաղաքականութիւնը նոր երեւոյթ չէ, ըսուած է զեկոյցին մէջ: Ռուսաստանը ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն յետոյ զգալիօրէն զիջեցաւ իր դիրքերը Արեւելեան Եւրոպայի, Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ, սակայն 1991 թուականէն ի վեր անմիջապէս ձեռնամուխ եղաւ իր ազդեցութեան գօտիներուն վերականգնման: Այդ մասին կը վկայեն Մոսկուայի շարք մը նախաձեռնութիւնները, ներառեալ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) ստեղծումը, Միութենական պայմանագիրի կնքումը, Մաքսային միութեան, Եւրասիական տնտեսական միութեան, Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ձեւաւորումը ու այլ նախաձեռնութիւններ: Այս ուղղութեամբ Մոսկուան կ’օգտագործէր նաեւ տարածաշրջանային հակամարտութիւնները:

Ռոսաստանի այս յաւակնութիւնները մտահոգութիւն կ’առաջացնեն յետխորհրդային շատ երկիրներու մէջ: Ռուսական  նէօ-կայսերապաշտութեան նկատմամբ վախը դարձած է Եւրասիայի մէջ անվտանգութեան միջավայրի գնահատման գերիշխող խնդիր: Ուքրանիոյ ու այլ յետխորհրդային երկիրներու հանդէպ յարձակողական եւ կոշտ քաղաքականութիւն կը ցուցադրէ, թէ որքան հեռու կրնայ երթալ Մոսկուան անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան անտեսման հարցով:

Ռուսաստանի երկար տարիներու դաշնակից՝ Հայաստանը, օրինակ, այսօր որոշակի վերապահումներ ունի Մոսկուայի յուսալի դաշնակից ըլլալու հարցով, նշուած է զեկոյցին մէջ: Այս միտումը յատկապէս սրուեցաւ թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ: 2018-ի ապրիլեան զարգացումներու ընթացքին Մոսկուան աշխոյժ միջամտութիւն չցուցաբերեց, ճիշդ հաշուարկելով, ըստ զեկոյցին, որ ունի բաւարար լծակներ՝ Երեւանի՝ ռուսամէտ ուղեգիծը պահպանելու համար: Յեղափոխութիւնը այդպէս ալ չկարգաւորեց հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրները, ներառեալ ուժանիւթերու մատակարարման հարցը: Ռուսաստանը կը շարունակէ ստիպել հայկական կողմը վճարելու կազի դիմաց նախահամավարակային գիներով, որոնք աւելի թանկ են, քան այսօր շուկայի առկայ գինը: Այդ կը ստիպէ Երեւանը փորձելու զանազանակերպել իր  ուժանիւթերու ներմուծումը՝ երկխօսութիւն ծաւալելով չինական ընկերութիւններու, Իրանի ու Վրաստանի հետ:

Զեկոյցին մէջ մատնանշուած է, թէ հայ-ռուսական այլ խնդիրներու շարքին են ռուսական զէնքի վաճառքը Ատրպէյճանին, Ռուսաստանի նկատմամբ աճող անվստահութիւնը Հայաստանի բնակչութեան մէջ` կապուած ապրիլեան պատերազմի, Կիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան եւ ռուսական տնտեսական քաղաքականութեան հետ: Անոր հետ մէկտեղ, զեկոյցը կ’ընդգծէ՝ Ատրպէճանի հետ ղարաբաղեան հակամարտութեան առկայութիւնն ու Հայաստանի հակառակորդ՝ Թուրքիոյ դիրքորոշումը կը սահմանափակեն Երեւանի ընտրութիւնը անվտանգութեան հարցով՝ ստիպելով ամուր յարաբերութիւններ պահպանելու իր «աւանդական, բայց ոչ միշտ յուսալի դաշնակիցի ու պաշտպանի հետ»:

Այնուամենայնիւ, Ռուսաստանի սահմանափակ տնտեսական միջոցները, մեղմ քաղաքական գծի բացակայութիւնը, տարածաշրջանին մէջ այլ տէրութիւններու ներգրաւուածութիւնը, ինչպէս նաեւ յետխորհրդային երկիրներու հասարակութիւններուն մէջ ընթացող փոփոխութիւնները լուրջ խոչընդոտներ են ռուսական այս յաւակնութիւններու ճանապարհին: Այն կը մնայ անկանխատեսելի եւ ագրեսիվ յարձակողական երկիր Եւրասիոյ մէջ, կը նշէ զեկոյցը, ուստի յետխորհրդային երկիրները պէտք է ուշադիր կշռադատեն իրենց քայլերն ու զգուշօրէն զարգացնեն իրենց կապերը Արեւմուտքի հետ: Ռուսաստանը նման քայլը կը դիտարկէ որպէս իր շահերու սպառնալիք:

ԱՄՆ պէտք է շարունակէ ներգրաւուիլ Եւրասիոյ մէջ: Արեւելեան Եւրոպայի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ Ուաշինկթընը ունի աւելի մեծ շահեր եւ ազդեցութիւն: Զեկոյցի հեղինակի կարծիքով Վրաստանը, Ուքրանիան եւ Մոլտավիան կը շարունակեն մնալ առաջնահերթութիւններ, սակայն անհրաժեշտ է օգնել Հայաստանի նոր ժողովրդավարական կառավարութեան` իր քաղաքական եւ տնտեսական բարեփոխումները կատարելու հարցով: Այս օգնութեան տրամադրումը պէտք է կատարուի առանց ակնկալիքի, որ Երեւանը կը վտանգէ իր յարաբերութիւնները Մոսկուայի հետ՝ հաշուի առնելով ղարաբաղեան հակամարտութիւնն ու անվտանգութեան մարտահրաւէրները: Ատրպէյճանի ու Հայաստանի հետ զուգահեռ գործակցութիւնը կ’օգնէ Արեւմուտքին աւելի արդիւնաւէտ կերպով նպաստել այս հակամարտութեան կարգաւորման: Զեկոյցը խորհուրդ կու տայ ամերիկեան կողմին յետխորհրդային երկիրներու հարցով հաշուի առնել ոչ միայն Մոսկուայի յարձակողական քաղաքականութեան գործօնը, այլեւ այդ երկիրներու խոցելի ու թոյլ ըլլալու հանգամանքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment