Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ «Ա1+»-ը կը Պահանջէ, Որ Յեղափոխական Կառավարութիւնը Ընդունի Նախորդ Կառավարութեան Սխալն ու Շտկէ Իրավիճակը

«Ա1+»-ը կը Պահանջէ, Որ Յեղափոխական Կառավարութիւնը Ընդունի Նախորդ Կառավարութեան Սխալն ու Շտկէ Իրավիճակը

by MassisPost

«Ա1+»-ը ընդդէմ Հայաստանի կառավարութեան գործով դատական նիստը հերթական, արդէն 4-րդ անգամ անցաւ առանց պատասխանող կողմի՝ կառավարութեան ներկայութեան։ 18 տարի առաջ եթերէն զրկուած «Ա1+»-ը կը պահանջէ, որ յեղափոխական կառավարութիւնը ընդունի նախորդ կառավարութեան սխալը ու շտկէ իրավիճակը:

«Ա1+-ի» սեփականատէր «Մելթեքս» ընկերութեան շահերը ներկայացնող փաստաբան՝ Արա Ղազարեանի կարծիքով, կառավարութիւնը այսպիսի վարքագիծով պարզապէս կ’արհամարհէ այս գործընթացքը. – «Նրանք դիտաւորեալ չեն գալիս նիստին, պոյքոթում են, եւ դա շատ վատ է: Մանաւանդ նոր Հայաստանում: Եթէ տեղի է ունեցել նախկին իշխանութիւնների կողմից ժողովրդի իշխանութեան բռնազաւթում, որի քաղաքական գնահատականը դեռ չի տրուել, ապա դա սկսուել է «Մելթեքսի» գործից: Գոնէ ներկայ եղէք այս նիստին: Ներկայացրէք ձեր առարկութիւնները կամ պնդումները, կամ մի գուցէ դուք համաձայնէ՞ք, որ տեղի է ունեցել խախտում: Չէ՞ որ ի վերջոյ մենք վիճարկում ենք դէպքեր, որոնք տեղի են ունեցել ոչ թէ այսօր, այլ նախկինի նախկին իշխանութիւնների օրօք:

Հիմա դատարանում վիճարկում են 7 վարչական աքթեր, որոնք կայացուել են 2003 թուականին: Պահանջում են դրանք առոչինչ ճանաչել, այլ ոչ թէ անվաւեր»։

Աւելի վաղ «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցին «Ա1+»-ի հիմնադիր՝ Մեսրոպ Մովսէսեան պատմած էր, որ այն ժամանակ ՀՌԱՅ-ի (Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի ազգային յանձնաժողով) նախագահ՝ Գրիգոր Ամալեան պարզապէս հրահանգ ստացած էր «վերեւներէն»։

«Ա1+»-ը փակուեցաւ «Ռոպերթ Քոչարեանի որոշմամբ, ժամանակն է, որ հեռուստաընկերութեան դէմ որոշումներ ընդունած նոյն դատաւորներն այսօր ինքնամաքրման ճանապարհ անցնեն», – ըսած էր «Ա1+»-ի հիմնադիրը։

Յիշեցնենք, որ 2002-ի դեկտեմբերին, տնտեսական դատարանը՝ դատաւոր Երուանդ Խունդկարեանի նախագահութեամբ, վարոյթ ընդունած էր «Ա1+» եւ «Նոյեան Տապան» ընկերութիւններու մրցակիցներու («Դար-21», «ԱրմէնԱկոբ», «TV-5», «Երեւան», «Էվ») համատեղ հայցը ընդդէմ Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի ազգային յանձնաժողովին։ Մէկ տարի ետք դատարանը մերժած էր հայցը։

«Ա1+»-ի ղեկավար՝ Մեսրոպ Մովսէսեան կայացուած վճիռները բողոքարկած էր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) մէջ, որ 2008-ին վճռած էր՝ Հայաստանին պարտաւորել «Ա1+»-ի սեփականատէր՝ «Մելթեքս» ընկերութեան վճարել 30 հազար եւրօ։

Ամենայն հաւանականութեամբ յաջորդ տարի հեռուստաընկերութիւններու արտօնութիւններու նոր մրցոյթ պիտի յայտարարուի: Մեսրոպ Մովսէսեան կ’ըսէ, որ պիտի մասնակցին։

Դատական նիստի ժամանակ փաստաբան Ղազարեան, պատասխանելով դատաւորի հարցին՝ իսկ եթէ յանկարծ նորէն չյաղթեն, կ’ըսէք, որ նոր իշխանութիւնները ե՞ւս խտրական վերաբերմունք ցուցաբերեցին «Ա1+»-ի նկատմամբ, պատասխանեց, որ քաղաքական վարքագիծը փոխուած է, մէջբերեց վարչապետի խօսքերը ազատ մամուլի, ազատ դատական համակարգի վերաբերեալ. – «Քաղաքական իշխանութեան նոր քաղաքականութիւնը բացառում է խտրական վերաբերմունքը լրատուամիջոցներուն նկատմամբ այսօր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment