Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանը Յորդորած Է Թուրքիոյ Զսպուածութիւն Ցուցաբերելու Հայ-Ատրպէյճանական Հակամարտութեան Հարցին Մէջ

Ռուսաստանը Յորդորած Է Թուրքիոյ Զսպուածութիւն Ցուցաբերելու Հայ-Ատրպէյճանական Հակամարտութեան Հարցին Մէջ

by MassisPost

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ՝ Յուլիս 24-ին, հեռախօսազրոյց ունեցած է թուրք գործընկերոջ հետ, որու ընթացքին, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, Մոսկուան ընդգծած է հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան հարցով հաւասարակշիռ մօտեցում որդեգրելու եւ կողմերուն վրայ զսպող ազդեցութիւն թողնելու կարեւորութիւնը, իրավիճակի հետագայ սրացումը կանխելու, սահմանի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու եւ ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման շուրջ ջանքերը աշխուժացնելու համար:

Ըստ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, Սերկէյ Լաւրովն ու Մեւլութ Չաւուշօղլուն պայմանաւորուած են զարգացնել Մոսկուայի եւ Անգարայի փոխգործակցութիւնը` ի շահ տարածաշրջանի կայունացման: Այլ մանրամասնութիւններ չեն նշուած:

Յուլիս 12-ին, հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ սկսած բախումներէն յետոյ, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը յայտարարած էր, թէ հայերը «անպայման պատասխան կու տան իրենց ըրածին համար»: Քանիցս նոյնպիսի կամ նման բովանդակութեամբ յայտարարութիւններով հանդէս եկած են Թուրքիոյ նախագահը, արտաքին գործոց նախարարը եւ նախարարութիւնը, խորհրդարանականները եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը:

Պաշտօնական Երեւանը դատապարտած է այդ յայտարարութիւնները՝ շեշտելով, մասնաւորապէս, որ Անգարան «այս մօտեցումներով հանդիսանում է Հայաստանի եւ տարածաշրջանի անվտանգութեան սպառնալիքը»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment