Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ո՞ւր Եւ Ինչպէ՞ս Սխալեցաւ Ատրպէյճանի Նախագահը

Ո՞ւր Եւ Ինչպէ՞ս Սխալեցաւ Ատրպէյճանի Նախագահը

by MassisPost

Վերջին օրերուն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին կը տիրէ յարաբերական հանդարտութիւն, որ կը յաջորդէ շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցած ռազմական բաւական բուռն գործողութիւններուն, որոնց ընթացքին Հայկական բանակը յաջողեցաւ պատժիչ գործողութիւններ իրականացնել հակառակորդին դէմ՝ հասցնելով անոր մարդկային, դիրքային եւ մեծ թիւով զինատեսակներու կորուստներ:

Վերջին օրերուն ամենէն աւելի բարձրացած հարցերէն մէկը այն է թէ, ինչո՞ւ այս պահուն, եւ ինչո՞ւ Հայաստանի հետ սահմանին եւ ոչ թէ Արցախեան ճակատին ուղղութեամբ եղաւ Պաքուի այս վերջին արկածախնդրութիւնը, որուն համար ան վճարեց բաւական սուղ գին: Քննարկուող բացատրութիւններէն մէկը այն է որ, Ատրպէյճանի նախագահը կրնար եւ ազդուած ըլլալ Հայաստանի ներքին իրադարձութիւններով եւ յատկապէս ընդդիմադրութեան կողմէ տարածուած լուրերով: Ամիսներ շարունակ նախկին իշխանութիւններուն յարող լրատուամիջոցները տժգոյն գոյներով կը ներկայացնեն Հայաստանի ներքին իրավիճակը: Անոնց քարոզիչները միաբերան կը կրկնեն թէ՝ երկիրը քայքայման եզրին է, սովը պատած է ժողովուրդի մեծ մասին, ապազգային իշխանութիւնները պատրաստ են յանձնելու ղարաբաղը, համավարակը անվերահսկելի է, Փաշինեանի վարկանիշը իջած է 10 տոկոսի, եւ ամենէն գլուխ գործոցը՝ նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեանի այն խօսքը թէ՝ «Եթէ Ալիեւի տեղը ըլլայի, հիմա Հայաստանի վրայ յարձակելու լաւագոյն պահն է»: Այս բոլորը լսելով, հաւանաբար Ալիեւ մօտ եւս յառաջացած էր այն համոզմունքը որ, իսկապէս պահը եկած է ստուգելու Հայաստանի հակազդեցութեան աստիճանը:

Կար ժամանակ, երբ Ազերի բանակի նախայարձակ գործողութիւններուն Հայկական կողմը կը պատասխանէր ինքնապաշտպանական քայլերով: Սակայն, հիմա արդէն իսկ գործադրութեան դրուած է «նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» սկզբունքը ու թշնամիի կողմէ զինադադարի իւրաքանչիւր խախտումին կը տրուի համարժէք պատասխան՝ ընթացքին բարելաւելով սահմանի վրայ Հայկական դիրքերը:

Այս օրերուն տեղեկութիւններ կը շրջին, որ Հայկական զօրքերը մէկ լեռնաշղթայ առաջ շարժած են եւ իրենց տեսադաշտին յայտնուած են տափաստան շրջաններ, ուրկէ կ՛անցնին նաեւ ատրպէյճանական կարեւոր ենթակառուցուածքներ, որոնց շարքին Պաքուի-Թիֆլիս-Ճէյհան կազի խողովակաշարը: Այս մասին լուռ են Հայաստանի պաշտօնական աղբիւրները, հաւանաբար միջազգային կառոյցներուն կողմէ քննադատութեան չարժանանալու համար: Միւս կողմէ, Ատրպէյճան եւս չուզեր հաստատել իր դիրքային կորուստները, աւելի չբարոյազրկելու համար իր ներքին հանրային կարծիքը:

Կասկածէ վեր է որ, այս օրերուն Ալիեւ կը գտնուի խարխափումի մէջ եւ մեղաւորներ կը բնտրէ նաեւ իր սահմաններէն ներս: Ան մերթ կը մեղադրէ իր երկրի դիւանագէտները, մերթ՝ իր իսկ ժողովուրդը, որ կը մերժէ զինուրագրուիլ սահման փութալու համար: Սակայն, իրականութիւնը այն է որ ստեղծուած կացութեան գլխաւոր մեղաւորը կը մնայ անձնապէս ի՛նք՝ շարունակելով յենիլ պատերազմի միջոցաւ հարցեր լուծելու սպառնալիքներուն վրայ եւ այդպիսով զիջումներ ակնկալելով Հայկական կողմէն:

Տաւուշի շրջանին մէջ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւնները եւ անոնց արդիւնքները յստակ բանաձեւելով Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց. «Հայաստանի զինուած ուժերը ցոյց տուեցին բացառիկ բարձր մակարդակի մարտունակութիւն՝ ոչ միայն ապահովելով Հայաստանի սահմանների անձեռնմխելիութիւնը, այլեւ ջախջախելով մէկուկէս տասնամեակ Ատրպէյճանի գործող նախագահի կողմից կառուցուած միֆը՝ ատրպէյճանական բանակի մարտունակութեան մասին»: Իր հասցէին ուղղուած այս վիրաւորանքներուն Ալիեւ չունի պատասխան եւ ստիպուած է որոշ ժամանակ լռութիւն պահելու, միջեւ որ մոռացութեան մատնէ իր հերթական պարտութիւնը:

Մինչ այդ, Հայութեան կը մնայ պատրաստուիլ յաջորդ ռաունտին, որուն համար անհրաժեշտ է բոլորի համախմբումը՝ հայրենի իշխանութեան եւ ազգային բանակին շուրջ: Իսկ ընդդիմադիրներէն կ՛ակնկալուի ըլլալ կառուցողական, հեռու մնալով, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, հակառակորդին աշխուժանալու առիթներ տալու փորձութենէն:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment