Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի հետ: Զրուցակիցները խօսած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան մասին՝ ընդգծելով տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան կարեւորութիւնը։
Անոնք միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի արդիական հարցերու շուրջ։ Փաշինեան եւ Մերց անդրադարձած են Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ երկկողմ համագործակցութեան հետեւողական զարգացման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան հետագայ խորացման հեռանկարներուն։

