Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գէորգ Պապոյեան Եւ Տէյվիտ Ալեն Քննարկած Են ԱՄՆ-ի Կողմէ Հայաստանին Շուկայական Տնտեսութիւն Ունեցող Երկրի Կարգավիճակ Շնորհելու Գործընթացը

Գէորգ Պապոյեան Եւ Տէյվիտ Ալեն Քննարկած Են ԱՄՆ-ի Կողմէ Հայաստանին Շուկայական Տնտեսութիւն Ունեցող Երկրի Կարգավիճակ Շնորհելու Գործընթացը

by MassisPost

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան ընդունած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենը եւ ԱՄՆ դեսպանատան տնտեսական եւ առեւտրային բաժնի ղեկավար Էտուարտ Այքլերը։

Հանդիպման ընթացքին կողմերը վերահաստատած են, որ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ տնտեսական համագործակցութիւնը աշխուժօրէն կը զարգանայ՝ արձանագրելով վերջին շրջանին արձանագրուած դրական յառաջընթացը։

Քննարկուած են նաեւ ԱՄՆ-ի կողմէ Հայաստանին Շուկայական տնտեսութիւն ունեցող երկրի կարգավիճակ (ՇՏԿ) տրամադրելու գործընթացին առնչուող հարցեր։

Նախարարը վստահութիւն յայտնած է, որ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ գործակցութիւնը պիտի նպաստէ գործընթացի հետեւողական յառաջմղման եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող տնտեսական օրակարգի հետագայ զարգացման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment