Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան. «Ժամանակն Է, Որ Այս Կառավարութիւնը Հրաժարի»

Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան. «Ժամանակն Է, Որ Այս Կառավարութիւնը Հրաժարի»

by MassisPost

Լիբանանի մէջ օր ըստ օրէ բազմացող ելեւմտատնտեսական խնդիրները եւ արագ անկում ապրող կենցաղային կացութիւնը մեկնաբանելու, լուծումի հաւանական միջոցները պարզաբանելու նպատակով, «Արարատ» կապ հաստատեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանի հետ: «Հանրային ծառայութիւններու բացակայութիւն, լիբանանեան լիրայի աննախադէպ արժեզրկում, սպառողական նիւթերու անտանելի սղաճ, հաստատութիւններու փակում եւ շուկաներու դատարկում, ելեկտրականութեան վատթարացում, ընկերային լուջ խնդիրներու յայտնութիւն», ըսաւ Ընկ. Գալփաքեան, թուելով այսօր լիբանանցիներուն դիմագրաւած հարցերուն միայն մէկ մասը: Ան ցաւ յայտնեց Լիբանանի մէջ տիրող ահաւոր կացութեան համար ու բացատրեց, որ այս բնական արդիւնք է մէկ կողմէ երկիրը տնօրինող յարանուանական դրութեան եւ տնտեսական թերութիւններու, միւս կողմէ՝ 2018-ին ընտրական շինծու օրէնքով տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն հիման վրայ ձեւաւորուած իշխանութեան, որ իր քաղաքականութիւնները հիմնեց վրէժխնդրութեան, այլամերժութեան, բացայայտ կողմնակալութեան, յարանուանական աժան քարոզչութեան վրայ, յուսահատութեան եզրին հասցնելով քաղաքացին եւ փլուզելով երկիրը կանգուն պահող սիւները:

Խօսելով երկրին մէջ նկատուող ապրուստային ճգնաժամին մասին, Ընկ. Գալփաքեան նկատել տուաւ, որ պատահածը աննախադէպ է անկախ Լիբանանի պատմութեան մէջ եւ նոյնիսկ կը մրցի Համաշխարհային առաջին պատերազմի տարիներուն` Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան օրերուն կիսանկախ Լեռնալիբանանի մէջ տեղի ունեցած աղէտին հետ, երբ հազարաւորներ գաղթեցին արտերկիր, իսկ մնացողները ենթարկուեցան բազմատեսակ տառապանքներու` ներառեալ սովի վտանգը: «Գրեթէ 100 տարի ետք Լիբանանի հորիզոնին վրայ դարձեալ կþերեւի նման վտանգ մը, որ կարելի է շրջանցել միայն Լիբանանի շահերը գերադասելով, մենատիրական ձգտումներէն հրաժարելով, երեւակայական իրագործումներով պարծենալու փոխարէն գործնական աշխատանքով, սեփական նեղ շահերէն հեռանալով հաւաքականութեան շահերը հետապնդելով, փտածութիւնը աւելի եւս արմատաւորելու փոխարէն անոր դէմ պայքարելով եւ լուրջ բարեկարգումներ վաւերացնելով», ըսաւ Ընկ. Գալփաքեան եւ կարծիք յայտնեց, որ երկիրն ու քաղաքայինները փրկելու որպէս վերջին առիթ` ժամը հասած է գործող կառավարութեան հրաժարականին ու ճգնաժամը լուծելու ատակ նոր կառավարութեան մը կազմութեան, որովհետեւ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը բաւարար ժամանակ ունէր առնուազն յստակ ծրագրեր մշակելու եւ առնելու վերականգնումի առաջին քայլերը, սակայն կատարեց հակառակը` աւելի եւս խորացուց ճգնաժամը, զբաղեցաւ դաւադրութեան տեսութիւններ պատկերացնելով, կորսնցուց Լիբանանի բոլոր բարեկամութիւնները ու երկիրը նոյնիսկ մղեց ներքին խռովութիւններու բռնկումի եզրին:

«Պատկերը յստակացաւ վերջերս Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ, ուր երկխօսութեան խորագրին տակ տեղի ունեցած ժողովի ընթացքն ու արդիւնքներու բացակայութիւնը վառ ապացոյց էին, որ կատարուածը երկխօսութիւն չէր, այլ՝ մենախօսութիւն, որ չյանգեցաւ որեւէ կառուցողական արդիւնքի», ըսաւ ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի ատենապետը:

Ընկ. Գալփաքեանի համաձայն, պէտք է կազմուի իրապէս չէզոք եւ գործունեայ կառավարութիւն մը, ոչ թէ այսօրուան նման դուրսէն տնօրինուող ՙխորհրդականներու նախարարաց խորհուրդ՚ մը, որպէսզի մէկ կողմէ փորձէ լուծել ելեւմտատնտեսական տագնապը, միւս կողմէ կազմակերպէ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւն` հիմնուելով ընտրական արդար ու արդիական նոր օրէնքի մը վրայ, որպէս միակ միջոց փոխելու իշխող փտած վերնախաւը: ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի ատենապետին համաձայն, այս փուլին կառավարութեան հրաժարականը եւ գործունեայ կառավարութեան մը կազմութիւնը կրնայ բանալ փրկութեան վերջին պատուհանը, որպէսզի կորուստի չմատնուի քաղաքացիական պատերազմէն ետք նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի գլխաւորութեամբ իրագործուած յաջողութիւններու մնացորդացը եւ Լիբանանը չդատարկուի իր աշխատասէր եւ տաղանդաւոր մարդուժէն, այլ վերահաստատէ իր արտաքին կապերը ու վերատիրանայ իր երբեմնի փայլքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment