Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ղօղանջները Յաղթանակի’

Ղօղանջները Յաղթանակի’

by MassisPost

Շուշիի ազատագրութեան գործողութիւնը մեր ժամանակակից պատմութեան ամենափայլուն էջը կը կազմէ: Ռազմական հմուտ մարտավարութեամբ, դիպուկ եւ կտրուկ հարուածներով, Արցախի սիրտը հանդիսացող Շուշիի վրայ խոյանքն ու անոր անառիկ բարձունքին նուաճումը էապէս շրջեցին ղարաբաղեան հակամարտութեան ռազմական իրավիճակն ու հոգեբանական պատկերը:

Եթէ վերյիշենք մեր տարբեր հերոսամարտերուն եւ դիւցազնական ճակատամարտերուն պատմութիւնը, կրնանք իսկոյն նշմարել, որ անոնք եղած են ինքնապաշտպանութիւններ, նախայարձակ ոսոխը կասեցնելու կամ սանձելու երբեմն յուսահատ գուպարներ: Սակայն, 1992 Մայիս 9-ի Շուշիի նուաճման եւ աւելի ուշ Արցախի յարակից տարածքներու ազատագրութեան փաստը կը նշանաւորուի անով` որ այս անգամ հայկական ուժեր, զմայլելի հերոսականութեամբ եւ անընկճելի ոգորումներով կարողացան արտաքսելով թշնամին, վերատիրանալ նախնեաց հողերուն. այդպիսով` պահ մը ջնջելով մեր նախկին դառնաղի յիշողութիւնները ու սակաւ մը ամոքելով մեր խոր սպիները: Շուշիի յաղթանակով, արդարօրէն ուռեցաւ հայ մարդուն արիաշունչ կուրծքը, կենդանացաւ որձութեան զգացումն ու բորբոքեցան բջիջները խիզախութեան:

Շուշին սովորական քաղաք մը չէ մեր պատմութեան մէջ: Ժամանակին, Արեւելեան Հայաստանի ամենահայաշատ քաղաքն էր ան: Գրականութեան, մշակութային կեանքի, կրթութեան, արուեստի հայատրոփ կեդրոն մըն էր, որուն փողոցներէն եւ կրթօճախներէն, բեմերէն եւ լսարաններէն անցած են բազմաթիւ կարկառուն դէմքեր, պետական-քաղաքական ու ռազմական գործիչներ:

Արցախի շուրջ ծաւալած ռազմական գործողութիւնները արձանագրեցին յաջորդական փուլեր` մինչեւ 1994 Մայիս 12, երբ հակառակորդը իր կրած անփառունակ պարտութիւններէն յուսաբեկ, նոր խայտառակութիւններէ խուսափելու մտօք, թախանձագին հրադադար մը խնդրեց, նոյնինքն ղարաբաղեան իշխանութիւններէն (Պիշքէքի հրադադար անունով ծանօթ): Ի միջի այլոց, շրջան մը (1992-1993 թ.) ակնբախ յաջողութիւններ Պաքուի իշխանաւորները դարձուցած էին գոռոզամիտ, անոնց նախագահը սկսած էր փայփայել երազ մը` Շուշիի մէջ թէյ համտեսելու սուր ախորժակով: Աւելի ուշ, պատրանախաբ դարձած` ազերիներ արդէն սկսած էին ըմպել պարտութիւններու լեղի բաժակը Խոճալուի (այժմ Իւանեան), Շուշիի եւ Լաչինի (այժմ Բերձոր) մաքրագործումներով: Այդ շարանին ամենաուշագրաւ օղակը Շուշիի առումն էր անկասկած, երբ Ղազանչեցոց Սբ. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ ղօղանջները, 1992 Մայիս 9-ին, ի լուր աշխարհին կը յայտնէին հայոց յաղթանակին աւետիսը:

Շուշիի ազատագրութիւնը անհրաժեշտութիւն էր, որովհետեւ այդ գերիշխող դիրքէն թշնամին իր հսկողութեան տակ կը պահէր մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, կը խափանէր հայոց ազատ տեղաշարժը եւ սեպի նման խրած Արցախի կողին` ռմբահարումներով կ՛արգելակէր քաղաքացիներուն բնականոն կեանքը: Թէպէտ անկարելի թուացող, բայց իրականութիւն դարձած այս հմտալից գործողութիւնը ունէր երկու մեկնակէտ` փորձառու զինուորականներու մշակուած ծրագիր եւ ոգեկան բարձր պատրաստակամութիւն:

Ահա այստեղ իրենց պատմակերտիչ դերը ստանձնեցին Վազգէն Սարգսեանն ու Արկադի Տէր Թադէոսեանը (Քոմանտօս), իրենց կողքին ունենալով գործին ատակ եւ նուիրեալ հոյլ մը բանակայիններ Գուրգէն Տալիպալթայեան, Սէյրան Օհանեան, Սամուէլ Բաμայեան, Սամուէլ Կարապետեան, Լէոնիտ Մարտիրոսով, Եուրի Յովհաննիսեան, Աշոտ Ղուլեան (Բեկոր), Վալերի Չիթչեան եւ ուրիշներ:

Ոմանք այս յանդուգն արշաւը պիտի կոչէին «մահու կենաց՚ խոյանք: Բայց, ո՛չ: Միայն ու միայն` յանուն կենաց: Եւ այդ ոգեկան ուժն էր որ մարտիկները մղեց մարտադաշտ նետուելու հարսանեկան տրամադրութեամμ` գործողութիւնը կոչելով` «Հարսանիք Լեռներում»: Ահա անոր հրամանատարներէն մէկուն` Սամուէլ Կարապետեանի պատմածը` «Ստացանք գրոհի հրամանը: Իմ դասակը 50 հոգուց էր μաղկացած: Շատ ցանկացողներ կային, բայց ընտրեցինք ամենամարտունակներին, լաւ գիտէինք, թէ ուր ենք գնում: Վճռորոշ, ճակատագրական մարտ էր, եւ ոչ ոքի մտքով չէր անցնում, թէ կարող ենք յանկարծ ձախողուենք: Գնում էինք մի դաժան հրճուանքով. մեռնել յանուն Շուշիի` դա պատիւ էր բոլորիս համար»:

Շուշիի ազատագրութիւնը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունէր նաեւ անոր համար, որ ղարաբաղցիք չէզոքացնելով թիկունքային վտանգը` Շուշիէն եկող, որոշ տատանումներէ ետք կարողացան շրջել ռազմական պատկերը եւ ազերիական սեղմօղակը աստիճանաμար դուրս մղել եւ քայլ առ քայլ զանոնք ընդհուպ շպրտել հոն` ուրկէ կու գային կատաղի մոլուցքով: Ուստի, 1992 Մայիս 9-ին արձագանգած ղօղանջը նախերգանքն էր Ղարաբաղի վերահայացման, հայութեան յաղթանակին ընդհանրապէս եւ արցախա հայութեան յատկապէս:

Ընդհանուր առմամբ Շուշին եղած է կռուախնձոր հայ-ազերի պայքարին: 1750-ին, երբ առաջին թաթարը ոտք հաստատեց հոն, միշտ ալ Շուշիի շուրջ կռիւները եղան արիւնալի: Բազմիցս փորձեցին իւրացնել զայն. 1905-ին, 1918 եւ 1919-ին անոր շուրջ մագլցողական ճակատումները ունեցան ծանր հետեւանքներ: 1919-ին անգլիացիք արգիլեցին զօրավար Անդրանիկի մուտքը Արցախ, որ պիտի կրնար երաշխաւորել անոր անվտանգութիւնը ազերիական ախորժակէն: Սակայն, 1920-ի Մարտին, Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ հայոց ամենավայրագ կոտորածը Սուլթանովի ղեկավարութեամբ եւ թրքական ուժերուն մասնակցութեամμ: Քաղաքին հայկական թաղամասը զոհ գնաց հրդեհներու լափլիզումին: Շուրջ 10 հազար հայեր նահատակուեցան այդ դաժան սրածութեան: Շուշեցի մեծանուն պատմաբան Լէօ սիրտի մղկտումով կը գրէր. «Իմ դժբախտ, սրտիս սիրելի ծննդավայրը խորովուեց μոցերի մէջ…»: Թիֆլիսի «Սլովօ» թերթը 1920 Ապրիլ 16-ին կը գրէր. «Քաղաքի հայկական մասում քարը քարի վրայ չի մնացել»:

Հետեւաμար, 1992-ի հակահարուածը ուշացած պատասխանն էր 1920-ի վանտալութեան: Իսկ անկէ ետք կազմակերպուող Շուշիի ազատագրութեան տօնահանդէսները` շառաչուն պատասխան Շուշիի մէջ թէյ խմել ցանկացողներու, որոնք Պաքուի մէջ կը սիրեն ապրիլ անուրջներով ցնորական: Երբ 9 Մայիս 1992-ին Սբ. Ղազանչեցոցի մէջ հայեր արտասուալիր աչքերով կ՛աղօթէին, անդին` անոր զանգակատունէն եւ գմբէթներէն կը հնչէին ղօղանջները յաղթանակի՛:

«ԱՐԱՐԱՏ»
Խմբագրական

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment