Հայաստանի մէջ նախորդ մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 145-ով՝ հասնելով 3 հազար 29-ի, գրանցուած է հիւանդութենէ մահուան եւս դէպք մը, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնը:
Կեդրոնի պաշտօնական կայքի Մայիս 8-ի ժամը 11-ին հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 33-ով եւ հասած 1218-ի:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած հետազօտութիւններու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 29 հազար 205:
Մահուան դէպքի վերաբերեալ՝ Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ «հիւանդը եղել է 48 տարեկան (կին) եւ ունեցել է ուղեկցող քրոնիքական հիւանդութիւն»: «Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան մէկ դէպք, երբ հիւանդի մօտ հաստատուել է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ է հասել այլ հիւանդութեան պատճառով», – նաեւ ըսուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 43-ի, «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւս 10 անձ, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:
Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն տուեալ պահուն Հայաստանին մէջ կը բուժուին 1758 մարդ: