Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Հաստատուած Դէպքերը Աւելցած են 48-ով եւ Հասած 1159-ի

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Հաստատուած Դէպքերը Աւելցած են 48-ով եւ Հասած 1159-ի

by MassisPost

ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնէն յայտնած են, որ Ապրիլ 16-ի դրութեամբ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման հաստատուած դէպքերուն թիւը հասած է 1159–ի։ Ապաքինուած է 358 մարդ։

Փաստացի կը բուժուին 783 հիւանդ։ Մինչեւ այսօր արձանագրուած է մահուան 18 դէպք։ Ընդհանուր՝ 9632 հետազօտութիւն կատարուած է։

Միւս կողմէ կառավարութիւնը մտադիր է հիմնական ծախսերու ծաւալի մեծացումի միջոցով, այս տարի լուծել արտագնայ աշխատանքի մեկնողներու աշխատանքի խնդիրը։ Այս մասին Ազգային Ժողով-կառավարութիւն հարց ու պատասխանի ժամանակ ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Հիմնական ծախսերի գծով արտագնայ աշխատանքի մեկողների աշխատանքը մենք կ’ապահովենք։ Կը լուծենք հարցը, որպէսզի արտագնայ աշխատանքի մեկնածները անեն նոյն աշխատանքը, բայց Հայաստանում»,- ըսաւ Փաշինեան։ Ըստ Փաշինեանին՝ գիւղատնտեսութեան ոլորտէն ներս ալ ծրագիրներ կ’իրագործուին, որպէսզի հողերու մշակման նոր հնարաւորութիւններ բացուին։ Այս փուլին ալ գիւղատնտեսութեան ոլորտէն ներս վարկաւորումը կ’աշխուժացնեն, որպէսզի գիւղացիները զբաղին անասնապահութեամբ ու հողագործութեամբ, չմեկնին արտագնայ աշխատանքի համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment