Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապօրինի Գոյքի Բռնագանձման Օրինագիծը Ընդունուեցաւ Ամբողջութեամբ

Ապօրինի Գոյքի Բռնագանձման Օրինագիծը Ընդունուեցաւ Ամբողջութեամբ

by MassisPost

Խորհրդարանը  Ապրիլ 16-ին, ձայներու 99 կողմ, 1 դէմ, 15 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ երկրորդ ընթերցումով, ամբողջութեամբ ընդունեց ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման օրինագիծը։

Նախագիծը առաջին ընթերցումով ընդունուած էր մարտի սկիզբը։ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը կողմ քուէարկած էր այն պայմանով, որ մինչեւ երկրորդ ընթերցում հաշուի առնեն իրենց շուրջ երեք տասնեակ առաջարկները, «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը ձեռնպահ քուէարկած էր, դարձեալ առաջարկութիւններ ներկայացնելով։

Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Պատասեան, մէկ օր առաջ ներկայացուցած էր լրամշակուած նախագիծը, շեշտելով, որ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի նուազագոյն շեմը 25 միլիոնէն դարձած է 50 միլիոն դրամ, ինչ որ ընդդիմադիրներու առաջարկն էր։

Դատախազութիւնը չի կրնար կամայականօրէն հետաքրքրուիլ քաղաքացիին եկամուտներու եւ ունեցուածքի տարբերութեամբ, այդ կրնայ կատարուիլ քանի մը պարագաներու, եթէ անձը կ’անցնի հիմնականօրէն քորուփցիոն գործերով, միայն նախկին եւ ներկայիս պաշտօնեաներու պարագային քննութեան հիմք կրնայ դառնալ գործադիր հետախուզական տուեալը: Ըստ օրէնքի՝ իրաւասու մարմինը  կ’որոշէ  ուսումնասիրուող ժամանակահատուածը, որ կրնայ ներառել բացառապէս 1991 թուականի սեպտեմբեր 21-ի յաջորդող ժամանակահատուածը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment