Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ «Քորոնա» Ժահրի Պատճառով, Ապրիլ 24-ի Ոգեկոչման Միջոցառումները կը Դադրին Լոս Անճելոսի Մէջ

«Քորոնա» Ժահրի Պատճառով, Ապրիլ 24-ի Ոգեկոչման Միջոցառումները կը Դադրին Լոս Անճելոսի Մէջ

by MassisPost

Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելոսի Միացեալ Մարմինը, Միացեալ Հայ Երիտասարդները եւ Հայոց ցեղասպանութեան յանձնախումը, նկատի առնելով «Քորոնա» Ժահրի պատճառով ստեղծուած իրավիճակը, որոշեց դադրեցնել Ապրիլ 24-ի ոգեկոչման  առնչուող բոլոր միջոցառումները:

Համայնքային այս երեք կազմակերպութիւններու յանձնախումը  կը ղեկավարեն ա) Մոնթեպելլոյի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յուշարձանի առջեւ հոգեհանգստեան արարողութիւնը բ) Հոլիվուտի Փոքր Հայաստան թաղամասի քայլարշաւը եւ գ) Լոս Անճելոսի Թրքական հիւպատոսութեան դիմաց բողոքի ցոյցը:

Միացեալ յանձնախումբը այս որոշումը կայացուց ոչ միայն Լոս Անճելոսի ժողովուրդին եւ աշխարհի հետ որպէս բարոյական պարտականութիւն, այլեւ կատարելու համար տեղական իշխանութիւններու կողմէ կիրառուած առողջապահական հրահանգները, որոնք կոչուած են մեղմացնելու «Քորոնա» ժահրի տարածումը եւ կեանքեր փրկելու համար:

Սակայն, հաւատարիմ կը մնանք հայ դատին եւ հայոց ցեղասպանութեան  արդար լուծման ուղղութեամբ, աշխատանք կը տանինք Թուրքիոյ կառավարութենէն պահանջելով ճանչնալ ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ արդար իրաւունքներու փոխհատուցում վճառելու: Հակառակ անոր, որ այս տարի Ապրիլ 24-ին մենք պիտի չկարողանանք հաւաքուիլ եւ արդարութիւն պահանջել, սակայն կը գիտակցինք, որ մեր հաւաքական ջանքերը պէտք է ըլլան ամբողջ տարուայ ընթացքին: Մեր աշխատանքը կը շարունակուի: Մենք պիտի կանգնինք միասնական, մեր ձայնը  լսելի դարձնելու համար 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան, մեր 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակին: Առաջիկայ օրերուն, աւանդական հասարակական հաւաքոյթներու փոխարէն, կը յայտարարենք այլ ընտրանքային ոգեկոչման ծրագիրներու մասին:

Մենք կը գիտակցինք եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան, որոնք ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը, արձանագրութիւնը ուղղեցին եւ հաստատեցին ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը, ինչպէս նաեւ, շնորհակալութիւն կը յայտնենք, այս անորոշ եւ դժուար ժամանակներուն, անոնց տարած անխոնջ աշխատանքին համար:

Յոյսով ենք եւ կ’աղօթենք, որ շուտով վերջ կը գտնէ համաշխարհային այս համաճարակը, եւ  բոլոր մեր համայնքները դուրս կուգան աւելի զօրաւոր, քան երբեւէ:

Միացեալ յանձնախումբը ամենայն բարիք կը մաղթէ ձեզի: Թող որ միշտ առողջ եւ ապահով մնաք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment