Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան-Գերմանիա Յարաբերութիւնները Արագօրէն Կը Զարգանան. Անկելա Մերքէլ

Հայաստան-Գերմանիա Յարաբերութիւնները Արագօրէն Կը Զարգանան. Անկելա Մերքէլ

by MassisPost

Հայաստան-Գերմանիա յարաբերութիւնները կը զարգանան բաւական բուռն կերպով։ «Արմենբրեսը» կը հաղորդէ, թէ Պեռլինի մէջ ԶԼՄ-ներու համար եղած յայտարարութեան ժամանակ, այս մասին նշած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը։

«Հայաստանի մէջ կատարուած են մեծ փոփոխութիւններ։ Փոփոխութիւններ կը կատարուին այսօր իրաւական համակարգի մէջ։ Մենք համոզուած ենք, որ այդ մէկը դիւրին գործ չէ, եւ Հայաստանին յաջողութիւն կը մաղթենք այդ գործին մէջ»,- ըսած է Անկելա Մերքէլ։ Ան վերյիշած է իր այցելութիւնը Հայաստան եւ ընդգծած, որ տպաւորուած էր «ԹՈւՄՕ» կեդրոն այցելութեամբ։ Այդ այցելութիւնը իր արդիւնքը տուած է, եւ Անկելա Մերքէլ տեղեկացուցած է, որ աշնան Պեռլինի մէջ եւս պիտի բացուի «ԹՈւՄՕ» կեդրոն։ Ան նշած է, որ բուռն համագործակցութիւնը կը շարունակուի տարբեր ոլորտներու մէջ։ Նկատած է, որ Հոկտեմբերին Գերմանիոյ մէջ կայացած է տնտեսական համաժողով, որ նոր էջ բացած է հայ-գերմանական յարաբերութիւններուն մէջ։

Pashinyan-Berline-1-1

Անկելա Մերքել կարեւոր համարած է Աֆղանիստանի մէջ Հայաստանի խաղաղապահներու առաքելութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած ատոր համար։ Ան նշած է, որ Հայաստանի իր գործընկերոջ հետ հանդիպումը պիտի շարունակուի յագեցած օրակարգով, անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։

Գերմանիան այն հզօր կամուրջներէն մէկն է, որ կը կապէ Հայաստանը Եւրոպական Միութեան, եւրոպական քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթին հետ: Այս մասին յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ Բեռլինի մէջ համատեղ յայտարարութեան ընթացքին:

«Գերմանիան Հայաստանի մտերիմ բարեկամն ու գործընկերն է, եւ մենք զգում ենք այդ բարեկամութեան ուժը ե՛ւ զգացական, ե՛ւ գործնական առումներով։ Այսօր վստահութեամբ կարող եմ արձանագրել, որ մեր բարեկամութիւնը հիմնուած է ընդհանուր արժէքների վրայ: Դրանք միաւորում են մեր երկու երկրները եւ յուսալի հէնք են ծառայում ամենատարբեր ոլորտներում համագործակցութիւն ծաւալելու համար»,-ըսած է վարչապետ Փաշինեանը:

Ան նկատած է, որ իր պաշտօնավարումէն ի վեր, վերջին մէկ ու կէս տարուան ընթացքին, Գերմանիոյ վարչապետի հետ կը հանդիպի արդէն երրորդ անգամ, որ ինքնին խօսուն փաստ է եւ կը վկայէ երկկողմ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակի մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment