Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոր Որակի Հայոց Բանակ

Նոր Որակի Հայոց Բանակ

by MassisPost

Հայոց Բանակի հիմնադրութեան տարեդարձը ամէն տարի նշելով, ոչ միայն կու գանք վերյիշելու բոլոր անոնց, որոնք իրենց արեամբ գրեցին մեր նորագոյն պատմութեան յաղթական փայլուն էջերը, շնորհակալութիւն յայտնելու մեր քաջարի զինուորներուն, որոնք այսօր անառիկ կը պահեն մեր սահմանները, միաժամանակ կու գանք նոր սերունդին ու եկող սերունդներուն փոխանցելու այն պատգամը, որ թշնամիներով շրջապատուած մեր հայրենիքի գոյատեւման միակ երաշխիքը ու գրաւականը ուժեղ ու մարտունակ բանակի գոյութիւնն է:

Վերջին տարիներուն Հայաստանի զինուած ուժերը կ՛ենթարկուին որակական հսկայ փոփոխութեան: Նոր ու արդիական, ոչ միայն պաշտպանական նաեւ յարձակողական զինատեսակներ ձեռք ձգելով Հայկական բանակը դարձած է տարածաշրջանի ամենէն մարտունակ ուժը: Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան իրաւացիօրէն կը նշէ որ, մեր բանակը այնպիսի պայմաններու մէջ է, որոնց մասին առաջին Բանակի օրուայ կազմակերպիչները երեւի երազել անգամ չէին կարող: Քայլ մըն ալ առաջ երթալով կրնանք ըսել, որ տակաւին երկու տարի առաջ կարելի չէր պատկերացնել Բանակի այսօրուայ բարձունքը:

Այսօր արդէն փակուած է Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մաշած զէնքերու եւ անբաւարար փամփուշտներու տխուր էջը: Առանց մոռնալու սակայն, այն դիւցազնական զոհաբերութիւնն ու սխրանքները, որոնք իրագործեցին առաջին գիծերու վրայ մարտնչող մեր երիտասարդ զինուորները, որոնք իրենց կեանքի գնով կասեցուցին թշնամիի յառաջխաղացքը ու ետ մղեցին նախայարձակ Ազերի բանակը:

Զինատեսակներու կողքին Հայաստանի իշխանութիւնները սկսած են ուշադրութիւն դարձնել նաեւ զինուորներու եւ սպայական կազմի կեանքի պայմաններուն, որպէսզի զգան անոնք պետութեան հոգածութիւնը եւ ժողովուրդի նեցուկը:

Այս բարեփոխումներուն շնորհիւ զգալիօրէն նուազած է նաեւ սահմանային լարուածութիւնը ու զոհերու թիւը: Թշնամին ինքզինք կ՛զգայ շատ աւելի կաշկանդուած եւ զգուշաւոր, գիտակցելով որ, որեւէ արկածախնդրական ու չմտածուած քայլ, այս անգամ կրնայ շատ սուղ արժել իրեն՝ մարդկային ու տարածքային կորուստներով:
Հայոց Զինուած ուժերու 28-րդ տարեդարձի այս օրը ազգովին պարտական ենք ու երախտապարտ Բանակի հիմնադիրներուն եւ ծառայող զինուորներուն ու կը խոնարհինք մեր հազարաւոր զոհերու յիշատակին առջեւ:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment