Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Հայերէնով Դրուագ՝ «Օսքար»-Ի Յաւակնող Ֆիլմին Մէջ

Հայերէնով Դրուագ՝ «Օսքար»-Ի Յաւակնող Ֆիլմին Մէջ

by MassisPost

«Փոքրիկ կանայք» ֆիլմին մէջ, որ «Օսքար»-ի կը յաւակնի «Լաւագոյն ֆիլմ» անուանակարգին, կարճ դրուագ ներառուած է, ուր տղամարդը կը խօսի հայերէնով։ Բեմադրիչ Կրեթա Կերվիկի ժապաւէնը շարժանկարի արտադրութեան ամենահեղինակաւոր մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած է եւս հինգ անուանակարգերու մէջ։

Ֆիլմի դրուագներէն մէկուն մէջ (ժապաւէնը հիմնուած է ամերիկացի գրող Լուիզա Մեյ Օլքոթի վէպի վրայ) տղամարդը կը խօսի հայերէն եւ հերոսուհին պարի կը հրաւիրէ. «Ինչո՞ւ Ձեզի նման գեղեցիկ կինը չի պարեր»։ «Ներեցէք, ես միայն անգլերէն կը խօսիմ»,- հերոսուհիի պատասխանին տղամարդը նախ հայերէնով ՝ կ’արձագանգէ՝ եկուր պարէ, ապա՝ անգլերէնով։

Ֆիլմի գլխաւոր դերակատարներն են Սիրշա Ռոնանը, Էմմա Ուոթսընը, Ֆլորենս Փիւն, Էլաիզա Սքանլենը, Լորա Տերնը, Թիմոթի Շալամէն, Մերիլ Սթիփը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment