Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Համերաշխութեան Նախապայմանները

Համերաշխութեան Նախապայմանները

by MassisPost

Հայաստանի քաղաքական թատերաբեմին վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կու գան հաստատելու, որ տակաւին երկար ժամանակի կը կարօտի նախկին իշխանութիւններու ձգած ծանր ժառանգութեան հետեւանքներէն ձերբազատուելու համար:

Անցեալ շաբաթ իր տան մէջ յայտնաբերուեցաւ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան նախկին տնօրէն, 38-ամեայ Կէորկի Կուտոյեանի դին` իրեն պատկանող ատրճանակէն արձակուած կրակոցով: Այս ողբերգական մահը բնականաբար հանրութեան մօտ յառաջացուց տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններ: Ոմանք հակուած էին հաւատալու ինքնասպանութեան վարկածին, ուրիշներ չէին բացառեր սպանութեան հաւանականութիւնը, մանաւանդ որ այս դէպքը կը յաջորդէ մի քանի ամիս առաջ ՀՀ նախկին ոստիկանապետ Հայկ Յարութիւնեանի նման պայմաններու տակ մահուան: Եթէ ոստիկանապետի պարագային յստակ կապ կար անոր ու Մարտի 1-ի դատավարութեան հետ, ուր ան որպէս վկայ կանչուած էր հարցաքննութեան, ապա Կուտոյեանի պարագային ոչ մէկ դատական գործընթացի մասնակից չէր ան:

Մինչ իրաւապահ մարմինները կը խոստանան դէպքի հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ ջանք չխնայել, միւս կողմէ նախկին իշխանութիւններու ներկայացուցիչները ու անոնց արբանեակ լրատուամիջոցները առիթը պատեհ նկատեցին ներկայ իշխանութիւնները ցեխարձակումի ենթարկելու` օգտագործելով մաշած նոյն մեղադրանքները, որ իշխանութիւնները երկրէն ներս ստեղծած են անհանդուրժողութեան ու ատելութեան մթնոլորտ, պառակտած են հասարակութիւնը` զանոնք բաժնելով սեւերու ու ճերմակներու եւ նման անհեթեթութիւններ: Աւելին, անոնք սկսած են պահանջել, որ վարչապետ Փաշինեան հանդէս գայ համերաշխութեան կոչերով ու այդ ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկէ: Այստեղ կայ սակայն կարեւոր հանգամանք մը: Ընդդիմադիրներու պատկերացուցած համերաշխութեան եւ ժողովուրդի ակնկալութիւններուն միջեւ կան էական տարբերութիւններ, որոնց վրայէն կարելի չէ աննկատ անցնիլ: Նախկին ռեժիմի ուզածը այն է որ, պէտք է փակուի Մարտի 1-ի էջը ու դադրին ամբաստանեալներու նկատմամբ դատական հետապնդումները, պետական գանձը կողոպտած ու ժողովուրդը աղքատութեան մատնած նախկին պաշտօնեաներու պատասխանատուութեան չկանչուին, մոռացութեան մատնուին բոլոր տեսակի ապօրինութիւնները սկսած ընտրակեղծիքներէն մինչեւ բազմաթիւ սպանութիւններ: Մէկ խօսքով, պէտք է ձգել որ, կաշառակերները վայելեն իրենց կուտակած ահաւոր հարստութիւնը ու զայն օգտագործեն հակայեղափոխութիւն իրագործելու համար: Իսկ ժողովուրդի պահանջը իշխանութիւններէն այն է որ, պատասխանատուութեան ենթարկուին բոլոր յանցագործները ու վերադարձուին գողցուած միլիոնները:

Թաւշեայ յեղափոխութենէն ասդին, ոչ մէկ պետական պաշտօնեայ հանդէս եկած է նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչներուն դէմ անձնական ատելութիւն պարունակող յայտարարութիւններով, բաւարարուելով միմիայն լուսարձակի տակ առնելով անոնց գործած մեղքերը` երկրի եւ ժողովուրդի հանդէպ: Իսկ ինչ կը վերաբերի ընկերային ցանցերու վրայ երեւացող խիստ եւ վիրաւորական գրութիւններուն, անոնք հետեւանք են Աշոտեաններու, Շարմազանովներու, Մինասեաններու եւ այլոց ամբարտաւան կեցուածքին ու անպարկեշտ յայտարարութիւններուն:

Համերաշխութիւնը կարեւոր է, սակայն հոն հասնելու համար կան նախապայմաններ: Քսան տարի պետութեան ինչքերն ու հողերը իւրացուցած, հասարակութեան դէմ հալածանք շղթայազերծած կուսակցութիւնը ու անոր ղեկավարները նախ պէտք է ընդունին իրենց գործած մեղքերը ու պատրաստակամութիւն յայտնեն ենթարկուելու պատիժի, վերադարձնեն իրենց կուտակած հարստութիւնը ու հրապարակաւ ներողութիւն խնդրեն ժողովուրդէն: Այս ու նման շարք մը քայլերով միայն, կարելի կը դառնայ նոր էջ բանալ ու առաջ երթալ հաշտութեան ու համերաշխութեան նոր մթնոլորտի մէջ:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment