Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պըռնի Սէնտըրզ Կը Խոստանայ Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Պըռնի Սէնտըրզ Կը Խոստանայ Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահական Դեմոկրատ թեկնածուներէն Պըռնի Սէնտըրզ, Յուլիս 26-ին, Լոս Անճելըսի մէջ հրաւիրած էր յատուկ մամլոյ ասուլիս մը ազգութիւններու պատկանող ազդեցիկ լրատուական միջոցներուն համար:

MassisPost-ի կողմէ ծերակուտական Սանտըրզին ուղղուած հարցումին պատասխանելով ան յայտնեց թէ, ինք պատրաստ է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ խոստանալով Ապրիլի 24-ի ամէնամեայ նախագահական ուղերձին մէջ օգտագործել ցեղասպանութիւն բառը, ի տարբերութիւն նախորդ նախագահներուն, որոնք չպահեցին իրենց խոստումը:

«Դուք կը կանգնիք Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ եւ պաշտօնապէս կ՛օգտագործէք ցեղասպանութիւն բառը» հարցին, Ամերիկեան Ծերակոյտի անդամը պարզ ըսաւ. «Այո, ես կը կարծեմ, որ բանավէճը (Ցեղասպանութեան մասին) աւարտուած է»:

Պրռնի Սէնտըրզ ներկայիս ծերակուտականներ Պոպ Մէնտըզի (Դեմոկրատ, Նիւ Ճըրզիէն) եւ Թէտ Քրուզի (Հանրապետական, Թեքսասէն) նախաձեռնած Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի համահեղինակներէն մէկն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment