Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպական Դատարանի Վճիռով՝ Հայաստանը Պէտք է 1,6 Միլիոն Եւրօ Վճարէ Քաղաքացի Եուրի Վարդանեանին

Եւրոպական Դատարանի Վճիռով՝ Հայաստանը Պէտք է 1,6 Միլիոն Եւրօ Վճարէ Քաղաքացի Եուրի Վարդանեանին

by MassisPost

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) վճիռով Հայաստանը պէտք է 1 միլիոն 608 հազար եւրօ վճարէ ՀՀ քաղաքացի Եուրի Վարդանեանին: Սա աւելին է, քան մինչեւ օրս Հայաստանի դէմ Եւրոպական դատարանի կայացուցած բոլոր վճիռներով փոխհատուցումներու  հանրագումարը։

Երեւանաբնակ 83-ամեայ Վարդանեանի իրաւունքներու խախտումը դատարանը ճանչցած էր դեռ 2016-ին՝ արձանագրելով, որ ան զրկուած եղած է արդար դատավարութեան եւ սեփականութիւնը պաշտպանելու իրաւունքէն: Սթրասպուրկեան ատեանի այս որոշումը կը վերաբերի միայն փոխհատուցման:

Դիմումատուի ընտանիքը ապրած է Բիւզանդի 13 հասցէի վրայ՝ 1385 քառակուսի մեթր տարածքով տան մէջ: Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան օրօք հանրային գերակայ շահի անուան տակ Եուրի Վարդանեանի տունը փոխանցուած է պետութեան:

2016-ի որոշման մէջ Եւրոպական դատարանը շեշտած էր, որ Հայաստանի վճռաբեկ դատարանի նախագահ Արման Մկրտումեանը առարկայական դիրքորոշում չէ ցուցաբերած՝ այդպիսով խախտելով մարդու արդար դատաքննութեան իրաւունքը։ Հայաստանեան իրաւապաշտպանները սա աննախադէպ  համարած էին՝ նկատելով, որ ՄԻԵԴ-ը հազուադէպ ընդգծուած կարծիք կը յայտնէ  դատաւորի մասին:

Թաւշեայ յեղափոխութիւնէն ետք  Մկրտումեանը հրաժարական տուաւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment