Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՄԻԵԴ-ի Վճիռէն Ետք Պէտք է Քրէական Գործ Յարուցել

ՄԻԵԴ-ի Վճիռէն Ետք Պէտք է Քրէական Գործ Յարուցել

by MassisPost

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) ընդդէմ Հայաստանի կայացուցած վճիռէն ետք Ազգային ժողովի իշխանական «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Արուսեակ Ջուլհակեանը յանցագործութեան մասին հրապարակային հաղորդում ներկայացուցած է:

Սթրասպուրկեան դատարանի վճիռը կը վերաբերի Բիւզանդի 13 հասցէի նախկին բնակիչին, ուրուն տունն ու հողատարածքը գերակայ շահ ճանչցուած էր Ռոպերթ Քոչարեանի ղեկավարման տարիներուն։

Պետութիւնը Վարդանեաններուն շուկայականէն մի քանի անգամ ցած արժէքով փոխհատուցում տրամադրած էր տան համար, իսկ հողատարածքի համար փոխհատուցում չէր տրուած՝ պատճառաբանութեամբ, թէ այդ Վարդանեաններու սեփականութիւնը չէ։ ՄԻԵԴ վճիռով Հայաստանը կը պարտաւորուի 1 միլիոն 608 հազար եւրօ վճարել Վարդանեաններու ընտանիքին։

Պատգամաւոր Արուսեակ Ջուլհակեանը Ֆէյսպուքի իր էջին հրապարակած է «Հետք» պարբերականի 2012 թուականի յօդուածը, ուր Բիւզանդի փողոցին վրայ կառուցապատում իրականացուցած ամերիկահայ Պաւել Անտըրսընը պատմած է, թէ Վարդանեանի տան գործի շրջագիծէն ներս 5000 տոլար տուած է առաջին ատեանի դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանին։ Այդ դատաւորի վճիռով ալ Վարդանեանները զրկուած են տան հարեւանութեամբ գտնուող հողամասի սեփականութեան իրաւունքէն։

Փաստաբան Գէորգ Գէօզալեանը ըսած է, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի դատաւորները չէին կրնար նաեւ այդ հանգամանքի վրայ ուշադրութիւն չդարձնել։

«Այն ժամանակուայ իշխանութիւնները զրօ արձագանգ ցոյց տուեցին, հարկ եմ համարում նաեւ շեշտադրում անել, որ այն ժամանակ ինքս անձամբ դիմել եմ այն ժամանակուայ գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանին եւ պահանջել եմ քրէական գործ յարուցել կա՛մ սուտ մատնութիւնով, կա՛մ այդ փաստերի առիթով», – նշած է Գէօզալեանը։ «Սակայն ոչ այդ փաստի, ոչ էլ սուտ մատնութեան փաստով գործ չի յարուցուել», – ըսած է ան:

Գէօզալեանի խօսքով՝ եթէ կան ծանրակշիռ փաստեր, ուրեմն Գլխաւոր դատախազութիւնը գոնէ հիմա պէտք է գործ յարուցէ այդ մասով։

Յատկանշական է, որ Բիւզանդի 13 հասցէի նախկին բնակիչներուն փոխհատուցման համար նշանակուած է աւելի շատ գումար, քան նախորդ տարիներուն ՄԻԵԴ-ի վճիռներով կառավարութեան փոխհատուցած գումարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment