Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի Նախագահը Ստորագրած է Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Օր Հաստատելու Հրամանը

Ֆրանսայի Նախագահը Ստորագրած է Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Օր Հաստատելու Հրամանը

by MassisPost

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ստորագրած է Ապրիլի 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր հաստատելու մասին հրամանը։

Փաստաթուղթի համաձայն այդ օրը Փարիզի մէջ պիտի կազմակերպուին յիշատակի միջոցառումներ: Որոշման կատարման համար պատասխանատու է Ֆրանսայի վարչապետը։

Ֆրանսան Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 2001-ին, օրէնքի ուժով, իսկ 2016-ին քրէականացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը: Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակելը Էմանուէլ Մաքրոնի՝ ֆրանսահայ համայնքին տուած նախընտրական խոստումն է, անցեալ Փետրուարին ան յայտարարած է, որ որոշումը կայացուցած է:

«Ֆրանսան այն երկիրն է, որ կը նայի պատմութեան առանց այն սքօղելու։ Ֆրանսան առաջիններէն էր, որ դատապարտեց հայ ժողովուրդի 1915 թուականի կոտորածները՝ իբրեւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր, երկար պայքարէն ետք՝ 2001 թուականին, ընդունելով այն օրէնքով մը: Եւ այժմ այնպէս, ինչպէս ես յանձն առած էի, Ապրիլ 24-ը պիտի հռչակուի որպէս Հայոց ցեղասպանութեան նշանաւորման ազգային օր», – յայտարարած էր Էմանուէլ Մաքրոնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment