Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցը պիտի նշուի Կիրակի, Ապրիլ 28, առաւօտեան ժամը 11:00-էն սկսեալ Բեթանիա Լիւտերական եկեղեցւոյ մէջ: Հասցէ՝ 603 Atterdag Rd., Solvang:
Ցեղասպանութեան հարիւր ամեակի առիթով եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զետեղուեցաւ հայասէր-մարդասէր Մարիա Ճեքըպսընի կիսանդրին, առ ի երախտագիտութիւն դանիացի մեծ միսիոնարուհիին կատարած անգնահատելի ծառայութիւններուն ի նպաստ հայ որբերու, նախ Խարբերդի եւ ապա իր հաստատած Ճիւպէյլի (Լիբանան) «Թռչնոց բոյն»ին:
Այդ օր գործադրութեան պիտի դրուի յատուկ յայտագիր մը ատենավարու-թեամբ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի եւ որու ընթացքին գեղարուեստական յատուկ յայտագիր մը պիտի ներկայացուի կատարողութեամբ հանրածանօթ երգչուհի Մարալ Բարսեղեանի եւ տաղանդաշատ ջութակահար Անժելա Ամիրեանի: Արժանապատիւ Տէր Մովսէս քհնյ. Շաննաքեան պիտի ներկայացնէ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոս-եանը ընթերցելով Սրբազան Հօր յատուկ ուղերձը այս առիթով:
Յայտագրի աւարտին հայ եւ տեղացի ներկաներուն պիտի մատուցուի հայկական ճաշ:
Կազմակերպիչ յանձնախումբը կոչ կ’ուղղէ մեր համայնքին խուռներամ մասնակցելու այս իւրայատուկ յուշաձեռնարկին:
Փոխադրութեան համար յատուկ կարգադրութիւններ տնօրինուած են եւ փափաքողներ թող բարեհաճին դիմել Մաշտոց Գոլէճ (818) 548-9345 թիւով:
Արձանագրութեան ժամկէտն է Ապրիլ 20, 2019: