Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Պատասխանը Մինսկի Խումբին Եւ Այլոց

Երեւանի Պատասխանը Մինսկի Խումբին Եւ Այլոց

by MassisPost

Ստեփանակերտի մէջ կայացաւ աննախընթաց հանդիպում: Համատեղ նիստ գումարեցին Հայկական երկու հանրապետութիւններու Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդները, որուն կը մասնակցէին Հայաստանի եւ Արցախի առաջին դէմքերը եւ ապահովութեան կառոյցներու ղեկավարները: Այս նիստը կը յաջորդէր Փաշինեան-Ալիեւ սպասուող հանդիպումէն առաջ ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի համանախագահներու տարածած այն յայտարարութեան, ուր ներկայացուած էին բանակցային սկզբունքներ, որոնց շարքին Արցախի շուրջ գտնուող տարածքներու վերադարձը Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Յայտարարութեան մէջ ակնարկ կար նաեւ բանակցութիւններու ձաւաչափը փոխելու շուրջ Հայաստանի առաջարկին, զայն նկատելով անպատեհ:

Առաջին անգամ ըլլալով Արցախի մայրաքաղաքին մէջ նման նիստի կայացումով յստակ պատգամներ կ’ուղղեր բազմաթիւ կողմերու: Ժողովի սեղանին գլուխը Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու նախագահ Սահակեանը կողք-կողքի նստելով կ’ուզէին հասկցնել միջազգային հանրութեան, որ Հայաստանն ու Արցախը համահաւասար պետութիւններ են, որոնց հետ պէտք է բանակցիլ առանձին-առանձին: Աւելին, Փաշինեան իր ներածական գրաւոր ելոյթին մէջ մանրամասն բացատրեց, թէ ինչու ինք լիազօրուած չէ բանակցելու Արցախի ժողովուրդի անունով եւ չունի նման մանտաթ: Մինսկի Խումբի անդամները, որքան որ ալ խօսին ձեւաչափը փոխելու ոչ նպատակայարմարութեան մասին, այսուհանդերձ Հայաստանը կը մնայ իր տեսակէտին վրայ, թէ Արցախի վերադարձը բանակցային սեղան անխուսափելի է եւ այդ հարցը պէտք է լուծում ստանայ` ուշ թէ կանուխ:

Երկրորդ պատասխանը, որ ստացաւ ՄԻնսկի Խումբը, այն էր թէ 2007 թուականին Հայաստանի օրուայ իշխանութիւններուն կողմէ ընդունուած սկզբունքները, ներկայիս չեն կրնար բաւարարել Հայկական կողմին եւ առաջին հերթին պէտք է յստակութիւն մտցուին հոն տեղ գտած ձեւակերպումներուն մէջ:

Այսպիսով, Փաշինեան նաեւ պատգամ յղեց ներքին ընդդիմախօսներուն, որոնք կը մեղադրեն զինք «հողեր յանձնելու մէջ»: Ան յիշեցուց բոլորին, որ թէեւ Մինսկի Խումբի առաջարկած սկզբունքները եւ Արցախի բանակցային սեղանէն հեռացումը ժառանգ մնացած են հին իշխանութիւններէն, սակայն նոր Հայաստանի համար ամէն ինչ պէտք է սկսիլ զէրոյէն:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment