Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Ընտրուած է Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Ընտրուած է Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը

by MassisPost

24 Յունուարին, Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 33-րդ Ընդհանուր Ժողովը աւարտած է իր աշխատանքները։ Ժողովը մեկնարկած էր 16 Յունուարին։

Ժողովը սպառիչ կերպով քննարկելէ ետք իր օրակարգը, ընտրած է կուսակցութեան բարձրագոյն գործադիր մարմին՝ Բիւրօ։

ՀՅԴ Բիւրօն իր անդրանիկ նիստին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընտրած է Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը։

ՀՅԴ նորընտիր Բիւրոյի անդամներն են.

Արմէն Ռուսատմեան՝ նախագահ

Վիգէն Բաղումեան

Արամ Գալուստեան

Վիգէն Եագուպեան

Յակոբ Խաչերեան

Արսէն Համբարձումեան

Կիրօ Մանոյեան

Բենիամին Պչաքճեան

Սպարտակ Սէյրանեան

Րաֆֆի Տօնապետեան

Յովսէփ Տէր-Գէորգեան

Մուրատ Փափազեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment