Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը եւ Վրաստանը Կրնան Դառնալ Ժողովրդավարութեան Մօտել Տարածաշրջանի Համար»

Հայաստանը եւ Վրաստանը Կրնան Դառնալ Ժողովրդավարութեան Մօտել Տարածաշրջանի Համար»

by MassisPost

«Հայաստանը եւ Վրաստանը կրնան դառնալ ժողովրդավարութեան մօտել ողջ տարածաշրջանի համար», – ամերիկեան National Interest պարբերականին մէջ գրած են Կովկասի հարցերով զբաղուող երեք հեղինակաւոր դիւանագէտներ՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ Եւրոմիութեան նախկին դեսպան Տենիս Քորպոյը, Վրաստանի մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան Ուլեամ Քորթնեյը եւ Քենեթ Եալովիցը, որ եւս տարիներ առաջ եղած է Նահանգներու դեսպանը Վրաստանի մէջ, աւելի վաղ՝ Պելառուսի մէջ:

«Հայաստանի ու Վրաստանի մէջ ժողովրդավարութեան լոյս կ’առկայծի՝ հակառակ որ երկուքն ալ կը գտնուին ոչ ժողովրդավար ուժերու՝ Իրանի, Ռուսաստանի ու Թուրքիոյ հարեւանութեամբ», – գրած են դիւանագէտները՝ մանրամասնելով․ – «Երկու երկիրներն ալ կը փորձեն ամրապնդել ժողովրդավարական կարգերն ու յաղթահարել աղքատութիւնը՝ դիմանալով Ռուսաստանի ճնշող մարտահրաւէրներուն»:

Ներկայացնելով Հայաստանի ձեռքբերումները National Interest ամսագրին մէջ, որու յօդուածները պարբերաբար կ’արտատպեն The New York Times-ը, Financial Times-ն ու հեղինակաւոր այլ պարբերականներ, դիւանագէտները ընդգծած են․ – «Հայաստանն ու Վրաստանը մեծ աշխատանք ըրած են՝ խորացնելու համար բարեփոխումները, որոնք կ’ամրապնդեն անոնց ժողովրդավարութիւնն ու կը բարելաւեն կենսամակարդակը, եւ այս ճանապարհին արժանի են Արեւմուտքի շարունակական ու հզօր աջակցութեան»:

«Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական յեղափոխութիւնը եւ Վրաստանի մէջ շարունակուող առաջընթացը կու գան հակազդելու տարածուած տեսակէտին, թէ աշխարհով մէկ ժողովրդավարութիւնը կը նահանջէ», – գրած են տարածաշրջանի խնդիրներուն ու քաղաքականութեան քաջատեղեակ դիւանագէտները՝ մանրամասնելով․ – «Հայաստանի նորանշանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու նորընտիր կառավարութիւնը մեծ աջակցութիւն ունին եւ կը թուի՝ հաստատակամ են կաշառակերութեան դէմ պայքարին, թափանցիկութեան ամրապնդման ու կառավարութեան հանդէպ հասարակութեան հաւատի վերականգնման»:

Փաստելով, որ անցած տարուան յեղափոխութենէն ետք Հայաստանը Economist վերլուծական կեդրոնի տարեկան՝ ժողովրդավարութեան ցուցանիշին մէջ ամենամեծ առաջընթացը արձանագրած է Արեւելեան Եւրոպայի անցումային երկիրներու շարքին, դիւանագէտները նշած են․ – «Առայժմ Մոսկուան չի միջամտեր՝ խոչընդոտելու Հայաստանի ժողովրդավարական վերելքը: Փաշինեանն ալ ուշադիր էր՝ ընդգծելու, որ Ռուսաստանի հետ գործընկերային կապերը պիտի մնան ամուր, եւ որ իր երկրի տնտեսական ուղղուածութիւնը Ռուսաստանի առաջնորդած Եւրասիական տնտեսական միութեան կողմն է»:

Մոսկուայէն հնչող յայտարարութիւններուն մէջ, այդուամենայնիւ, փորձառու դիւանագէտները որոշակի անհանգստութիւն արձանագրած են: «Քրեմլինը իր մտահոգութիւնը յայտնեց նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դէմ սկսած քրէական հետապնդման հարցով», – գրած են դեսպանները, աւելցնելով՝ Մոսկուան չուզեր, որ Հայաստանը շարժի Վրաստանի արեւմտամէտ արտաքին քաղաքականութեան ուղղութեամբ:

«Ու որքան ալ այժմ միջազգային համայնքի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ուքրանիոյ մէջ ռուսական յարձակման վրայ, Արեւմուտքը պէտք չէ անտեսէ կովկասեան այս երկու պետութիւններուն մէջ արձանագրուող դրական զարգացումները եւ պէտք է աջակցի անոնց», – յորդորած են դիւանագէտները, յատուկ ընդգծելով՝ այժմ Հարաւային Կովկասի կարեւորութիւնը՝ որպէս Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրասիայի միջեւ ինկած ռազմավարական միջանցք, երթալով կ’աճի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment