Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վերլուծաբանի Կարծիքով, Բանավէճի Արդիւնքով «Որեւէ Ուժ Միւսի Հանդէպ Ընդգծուած Առաւելութեան Չէ Կրցած Հասնիլ»

Վերլուծաբանի Կարծիքով, Բանավէճի Արդիւնքով «Որեւէ Ուժ Միւսի Հանդէպ Ընդգծուած Առաւելութեան Չէ Կրցած Հասնիլ»

by MassisPost

Քաղաքական մեկնաբանները պատմական անուանած են 5 դեկտեմբերին հանրային հեռուստաընկերութեան ուղիղ եթերով տեղի ունեցած հեռուստաբանավէճը, թէեւ 2003 թուականին նախագահի ընտրութեան մասնակիցներու՝ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Ստեփան Տեմիրճեանի միջեւ հեռուստաբանավէճ եղած է։

«Կարող ենք համարել պատմական, հաշուի առնելով հենց այն, որ միջավայրն ինքը պատմական է։ Այսինքն՝ նախորդ փորձը, որի մասին յիշատակում ենք, տեղի էր ունենում մի իրավիճակում, երբ գործնականում քաղաքականութիւնը մշակուած սենար էր՝ իշխանութեան վերեւներում մշակուած սենար էր, եւ անգամ ուժային մեթոտներով այդ սենարը իրականացուում էր», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ մեկնաբանած է քաղաքական մեկնաբան Յակոբ Պատալեանը: – «Հիմա մենք տեսնում ենք եւ բոլորի համար ակնյայտ է, որ ամենեւին էդ միջավայրը չէ եւ ազատ մրցակցութեան միջավայրն է եւ դրանով արդէն իսկ պատմական է»:

Քաղաքական մեկնաբան Յակոբ Պատալեանը եւ Երեւանի մամուլի ակումբի ղեկավար Պորիս Նաւասարդեանը նշած են, որ բանավէճի կայանալը առաջին հերթին կարեւոր էր քաղաքական, ինչպէս նաեւ ընտրական մշակոյթի կայացման տեսանկիւնէ։

«Կազմակերպման առումով, վարման առումով, հաւասար հնարաւորութիւններ տրամադրելու առումով սա աննախադէպ էր», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ գնահատած է Պորիս Նաւասարդեանը: – «Այս բանավէճից յետոյ մենք կարող ենք լուրջ խօսել, որ մեր ընտրական գործընթացներում քաղաքական բանավէճի մշակոյթը սկսել է զարգանալ»:

Անդրադառնալով արդէն բուն բանավէճի բովանդակութեան՝ քաղաքական մեկնաբան Յակոբ Պատալեանը նկատած է, որ աւելի քան 3 ժամ տեւած բանավէճի ժամանակ հիմնական փոխհրաձգութիւնները տեղի կ’ունենային խորհրդարանի մէջ 2-րդ եւ 3-րդ ուժեր դառնալու յաւակնութիւն ունեցող ուժերու միջեւ։

«Առանձնապէս ուժերի յարաբերակցութեան միտումները այս առումով բանավէճը կարծես թէ չարձանագրեց, որեւէ ուժ միւսի հանդէպ ընդգծուած առաւելութեան չկարողացաւ հասնել», – կարծիք յայտնած է Յակոբ Պատալեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment