Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոր Էջ Հայաստանի Առջեւ

Նոր Էջ Հայաստանի Առջեւ

by MassisPost

Մի քան օր ետք Հայաստանի քաղաքացիները պիտի ուղղուի քուէատուփ, ընտրելու համար յաջորդ Ազգային Ժողովի անդամները: Աւելի քան քսանամեակէ մը իվեր առաջին անգամ ըլլալով անոնք առիթը պիտի ունենայ իրենց ազատ կամքով քուէարկելու նախընտրած քաղաքական ուժին ու անհատ թեկնածուներուն:

Դեկտեմբեր 9-ին, իրականութիւն պիտի դառնայ Ապրիլի-Մայիս ամիսներուն տեղի ունեցած ժողովրդային յեղափոխութեան գլխաւոր նպատակներէն մին եւս ու երկիրը պիտի օժտուի նոր ու ներկայացուցչական Խորհրդարանով մը:

Նախընտրական քարոզարշաւի առաջին տասը օրերը անցան հանդարտ մթնոլորտի մէջ: Այո, եղան փոխադարձ ցեխարձակումներ, սակայն անոնք մնացին ընդունուած սահմաններուն մէջ: Բացակայեցան նախորդ ընտրութիւններուն բնորոշ ճնշումները, պետական լծակներու օգտագործումը, ցուցակագրումները, անձագրերու հաւաքագրումը ու յատկապէս լայնատարած կաշառք բաժնելու արատաւոր երեւոյթը:

Հեռատեսիլի ալիքներու քաղաքական հաղորդումները բաց են բոլորի առջեւ: Ինթըրնեթային կայքէջերը հասանելի են բոլոր թեկնածուներուն, իսկ մամուլը կը լուսաբանէ մասնակից կուսակցութիւններու ծրագիրները համահաւասար կերպով: Այս բոլորը վստահութիւն կը ներշնչեն, որ յառաջիկայ ընտրութիւնները պիտի ըլլան ազատ, արդար եւ թափանցիկ:

Եւրոպական դիտորդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ընտրարշաւի ընթացքը կը գնահատեն դրական եւ յոյս կը յայտնեն որ, Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան ժողովրդավարութեան միջազգային չափանիշերուն համապատասխանող ընտրութիւններ ու արդիւնքները պիտի արտացոլացնեն բնակչութեան իսկական կամքը:

Այս բոլորը խիստ կարեւոր են երկրի միջազգային վարկի տեսանկիւնէն: Նաեւ կարեւոր են կայունութեան հաստատման, օտար ներդրումներու ապահովման եւ տնտեսութեան շարժամեքենան առաջ մղելու նպատակով:

Այս բոլորի կողքին սակայն կայ մտավախութիւն, որ նախորդ հեռացող համակարգի մնացորդները պիտի փորձեն կարելի եղածին չափ ցեխոտել ջուրերը: Անհաւանական չէ, որ արդիւնքներու հրապարակումէն ետք անոնք հանդէս քան ընտրական գործընթացը կասկածի տակ առնող յայտարարութիւններով ու միջազգային ատեաններու մօտ բողոքներ ներկայացնեն:

Յոյսով ենք սակայն, որ նման փորձերը պիտի մատնուին ձախողութեան ու Դեկտեմբեր 9-ին, Հայաստանի առջեւ պիտի բացուի նոր ու աւելի փայլուն էջ մը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment