Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայկ Մարութեանը Պաշտօնապէս Ստանձնած է Երեւանի Քաղաքապետի Լիազօրութիւնները

Հայկ Մարութեանը Պաշտօնապէս Ստանձնած է Երեւանի Քաղաքապետի Լիազօրութիւնները

by MassisPost

13 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Երեւանի նորընտիր քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի երդմնակալութեան արարողութիւնը:

Խորհրդանշական լանջաշղթան քաղաքապետին յանձնած են աւագանիի  անդամ երգիչ Արթուր Իսպիրեանը եւ Երեւանի պատուոյ քաղաքացի երգահան Տիգրան Մանսուրեանը: Հնչած է Երեւանի քայլերգը:

41-ամեայ Հայկ Մարութեանը երդուած է պահպանել Սահմանադրութիւնը, օրէնքները, Երեւանի աւագանիի որոշումները, ազնուօրէն եւ բարեխղճօրէն կատարել քաղաքապետի լիազօրութիւնները: Ան նշած է, որ պատասխանատուութեան զգացումը մեծ է: «Կանգնած եմ այստեղ, քանի որ այդպէս որոշած է ժողովուրդը: Ես մէկ առ մէկ կը յիշեմ բոլոր այն խոստումները, որոնք տուած եմ երեւանցիներուն: Իր քաղաքն ու երկիրը սիրող մարդը այլ բան չի կրնար ընել, իսկ ես կը սիրեմ մեր Երեւանը», ըսած է ան:

yerevan-mayor-3

Անոր համաձայն, իր երդումը ոչ թէ զուտ արարողակարգային է, այլ երդում` երեւանցիներու եւ Աստուծոյ առջեւ:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ներկայ գտնուած է Երեւանի նորընտիր քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի երդմնակալութեան արարողութեան:

Վարչապետ Փաշինեան իր ելոյթին նշած է, որ իրենք պէտք է երաշխաւորեն, որ կառավարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ  գողեր չկան, մարդիկ չկան, որոնք կը գողնան ժողովուրդին վճարած հարկերը: Ըստ վարչապետին, ժողովուրդը պէտք է համոզուած ըլլայ, որ իր տուած հարկերը չեն գողցուիր: «Այո՛, տակաւին անարդիւնաւէտ օգտագործման դէպքեր կան, ատիկա տակաւին ճամբայ է, որ մենք պէտք է անցնինք, այդ խնդիրը պէտք է լուծենք, բայց իւրաքանչիւր քաղաքացի իր վճարած իւրաքանչիւր լումային պէտք է վերաբերի այնպէս, ինչպէս այն բանին, որ այդ գումարը կը դնէ իր տան այն դարակին մէջ, որ նախատեսուած է ընտանիքի կարիքներուն համար: Մեր քաղաքական խմբակին ուղղուած մեծագոյն դիտողութիւնը այն է, որ անիկա շատ երիտասարդ է»,- ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

yerevan-mayor-4

Ան նշած է նաեւ, որ քաղաքական իմաստով պէտք է առաջնորդուին նախապէս որեւէ ներգրաւուածութիւն ունեցած մարդիկը չմերժելու սկզբունքով, քանի որ մերժելը ինք կը նկատէ քաղաքական այլամերժութիւն. «Մենք պէտք չէ թոյլ տանք Հայաստանի մէջ քաղաքական այլամերժութեան գոյութիւնը: Մենք պէտք չէ առաջնորդուինք ու չենք առաջնորդուիր հինը, նախկինը ժխտելու, ջնջելու եւ քանդելու մղումով»,- ընդգծած է վարչապետ Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment