Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ֆրեզնոյի մէջ 31 Օգոստոսը Հռչակուած է Ուիլիեամ Սարոյեանի Օր

Ֆրեզնոյի մէջ 31 Օգոստոսը Հռչակուած է Ուիլիեամ Սարոյեանի Օր

by MassisPost

Saroyan-poster-1Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանի յատուկ որոշումով` 31 Օգոստոսը հռչակուած է Ուիլիըմ Սարոյեանի օր: Ֆրեզնոյի քաղաքային խորհուրդի նախագահը որոշումը հրապարակած է մեծանուն գրողի տուն-թանգարանի պաշտօնական բացումէն մէկ օր առաջ:

Ֆրեզնոյի քաղաքապետին խօսքով, որ անձամբ տեսած է Ուիլիըմ Սարոյեանը` քաղաքը յարգանքի տուրք կը մատուցէ այստեղ ապրած ու ստեղծագործած հանրայայտ գրողին:

«Ես կը սիրէի կարդալ անոր գիրքերը: Չափազանց կարեւոր է հանրայայտ գրողին թողած գրական ժառանգութիւնը, ուստի այսպէս կը փորձենք մեր յարգանքի տուրքը մատուցել»,-նշած է Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Լիի Պրենտ:

Ֆրեզնոյի քաղաքային խորհուրդի նախագահ Էսմերալտա Սորիան կարեւոր համարած է Ուիլիըմ Սարոյեանի թողած գրական ժառանգութեան պահպանումը: «Ան Ֆրեզնոյի առասպելը դարձած է: Հայ համայնքը եւս Ֆրեզնոյի համար կարեւոր է, քանի որ կը նպաստէ մեր քաղաքի զարգացման: Իսկ Սարոյեան այն անհատներէն է, որ ամբողջութեամբ կը ներկայացնէ Ֆրեզնոյին հայ համայնքի տուած արժէքները»,- նշած է ան:

«Intellectual Renaissance» հիմնադրամի տնօրէն Յակոբ Յակոբեանի կարծիքով` ուրախալի պիտի ըլլայ, եթէ Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանի որոշումը օրինակ ծառայէ նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի համար եւ այստեղ ալ 31 Օգոստոսը հռչակուի Սարոյեանի օր: «Սարոյեան կ՛ըսէր` «բոլոր մարդիկ պէտք է մեռնին, բայց միշտ մտածած եմ, որ իմ պարագային բացառութիւն պիտի ըլլայ: Այո՛, փաստացի այդ բացառութիւնը եղած է, մեծանուն գրողը միշտ կենդանի պիտի ըլլայ` իր թողած մեծ ժառանգութեամբ»,-ըսած է Յակոբեան:

Նշենք, որ 31 Օգոստոսին, մեծանուն գրողի 110-ամեակին, ԱՄՆ Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ բացումը կատարուած է գրողին տուն-թագարանին` «Սարոյեան Հաուս»-ին: Սարոյեանի տունը գնելու եւ զայն թանգարանի վերածելու գաղափարին հեղինակն ու իրականացնողը բարերար Արթուր Ճանիբեկեանի կողմէ հիմնադրուած «Intellectual Renaissance» հիմնադրամն է:

Յիշեցնենք, որ Արթուր Ճանիբեկեանի կողմէ հիմնադրուած հիմնադրամը Ուիլիըմ Սարոյեանի առանձնատունը գնած էր 2015 թուականին, վերակառուցած որպէս տուն-թանգարան եւ Սարոյեանին պատկանող եւ առնչուող հնարաւոր բոլոր նիւթերը հաւաքած այնտեղ: Տուն-թանգարանը պիտի ապրի ստեղծագործական բուռն կեանքով` հանդիսանալով մշակութային օճախ ոչ միայն համայն հայութեան, այլեւ ամբողջ աշխարհի համար: Այնտեղ պիտի կազմակերպուին գրական երեկոներ, փառատօններ եւ այլ մշակութային ձեռնարկներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment