Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Վերջապէս Մայրաքաղաքը Պէտք է Ունենայ Կին Քաղաքապետ». Նաիրա Զօհրապեանի Կարգախօսը

«Վերջապէս Մայրաքաղաքը Պէտք է Ունենայ Կին Քաղաքապետ». Նաիրա Զօհրապեանի Կարգախօսը

by MassisPost

Եթէ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մէջ  որակական փոփոխութիւն չըլլայ, այդ մէկը ամենածանր հարուածը կ’ըլլայ՝ լուսաւոր յեղափոխութեան։ Այս մասին  լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է Նաիրա Զօհրապեանը։

«Մայրաքաղաքը վերջապէս պէտք է ունենայ կին քաղաքապետ։ Որոշումը եղել է մեր քաղաքական թիմինը, որը բաց եւ հրապարակային է եղել։ Դա ինձ համար մեծ պատասխանատուութիւն է։ Ես անելու եմ առաւելագոյնը եւ անհնարը իմ քաղաքական թիմի եւ երեւանցիների յոյսերն արդարացնելու համար»,–ըսած է Նաիրա Զօհրապեանը՝ աւելցնելով, որ իր ծրագիրը պիտի ներկայացնէ յառաջիկային։

Կուսակցութիւնը կարգախօսի վերաբերեալ դեռ վերջնական որոշում չունի, սակայն  թեկնածուն կ’առաջարկէ հետեւեալ տարբերակը՝ «Ապրելու քաղաք Երեւանս»։

«Այս կարգախօսը դեռեւս քննարկման փուլում է, սա իմ մօտեցումն է։  Մենք պիտի գնանք նոր որակի ընտրութեան, որտեղ չպիտի լինի ատելութիւն ու թշնամանք։ Ես կ’ուզենայի, որ կին թեկնածուներով միասին մի քանի քարոզարշաւի մասնակցէինք նոյն տեղում նոյն օրը օդի աղտոտուածութեան հետ կապուած խօսէինք, որ երեւանցին տեսնի՝  կանայք ոչ թէ հակառակորդներ են, այլ համախոհներ, մրցակիցներ»,-ընդգծած է Զոհրապեանը։

Ան շեշտած է, որ եթէ այս ընտրութիւններուն որակական փոփոխութիւն չըլլայ, այդ մէկը  լուրջ հարուած կ’ըլլայ՝ յեղափոխութեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment