Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փոխուեցաւ Նախագահը, Համակարգը Մնաց Նոյնը

Փոխուեցաւ Նախագահը, Համակարգը Մնաց Նոյնը

by MassisPost

Արմէն Սարգսեան ստանձնեց Հայաստանի նախագահի պաշտօնը, սակայն  սահմանփակ լիազօրութիւններով: Ապրիլ 17-ին, անցում կատարելով խորհրդարանական կառավարման ձեւին, Ազգային Ժողովը պիտի ընտրէ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած  թեկնածուին: Արդէն իսկ  կասկածէ վեր է, որ վարչապետ պիտի ընտրուի Սերժ Սարգսեանը երկարաձգելով իր նախագահութեան տասնամեայ  շրջանը եւ  շարունակէ  մնալ երկրի  միահեծան ղեկավարը:

Ընդդիմադիր որոշ խմբաւորումներ կը փորձեն կանխել Սարգսեանի վարչապետութիւնը ու կը պատրաստուին փողոցային պայքար սկսիլ, յոյս ունենալով ապահովել ժողովրդային լայն աջակցութիւնը, որ սակայն շատ հաւանական չի թուիր: Ժողովուրդը դժգոհ ըլլալով հանդերձ, մատնուած է յուսալքութեան ու կորսնցուցած  հաւատքը` հաւասարապէս իշխանութեան ու ընդդիմադրութեան հանդէպ:

ՀՀԿ-ի ղեկավարներ զարմանք կը յայտնեն բողոքի ալիքին դէմ,  յիշեցնելով բոլորին որ նոր սահմանադրութեան համաձայն,  Խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն ունենալով վարչապետ առաջադրելու իրաւունքը վերապահուած է իրենց եւ բոլորը պէտք է հաշտուին այս իրողութեան հետ:

Այս առարկութեան պատասխանելով, ուրիշներ իրաւացիօրէն կը յիշեցնեն, որ նոր Սահմանադրութեան հանրաքուէն առաջ Սերժ Սարգսեան խոստացած էր  իր նախագահութեան ժամանակաշրջանի աւարտէն ետք որեւէ պետական պաշտօն չստանձնել եւ շատեր հաւատալով այդ խոստումին, քուէարկեցին սահմանադրական փոփոխութիւններու օգտին: Աւելին, հանրաքուէն, ինչպէս նաեւ  անցեալ Ապրիլին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները անցան բացայայտ խախտումներով եւ Հանրապետականները իրենց այսօրուայ մեծամասնութիւնը ապահովեցին ընտրողներուն վրայ գործադրուած բազմատեսակ ճնշումներուն եւ ընտրակաշառքներու շնորհիւ:

Այս բոլոր  հակասական տեսակէտները մէկդի դրած, Հայ ժողովուրդը դարձեալ կը  զրկուի իր երկրին համար նոր էջ բանալու նուազագոյն իրաւունքէն  եւ տարբեր ապագայ կերտելու  ձգտումներէն:

Արմէն Սարգսեանի նախագահ ընտրութիւնը դրական քայլ հանդիսանալով հանդերձ, մեծ յոյսեր չեն ներշնչեր Հայաստանի մէջ տիրող կացութեան մէջ դրական փոփոխութիւններ արձանագրելու առումով: Թէեւ ունինք նոր նախագահ դժբախտաբար սակայն, արատաւոր համակարգը կը մնայ անփոփոխ:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment