Home ՍՓԻՒՌՔ Զուիցերիոյ Մէջ Չէ Դադրած Թուրքերու Բողոքը Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Տեղադրման Շուրջ

Զուիցերիոյ Մէջ Չէ Դադրած Թուրքերու Բողոքը Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Տեղադրման Շուրջ

by MassisPost

Ժնեւի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին Ապրիլ 13-ին բացուելիք յուշարձանի շուրջ թուրքական կողմի բարձրացրած աղմուկը չէ դադրած: Աւելի շուտ նախաձեռնած դատավարութիւններէն յետոյ այժմ ալ Զուիցերիոյ թուրքական ներկայացուցչութիւնները բողոք կազմակերպած են` ընդդէմ յուշարձանի տեղադրմանը Ժնեւի Թրեմբլէ պուրակի մէջ:

«Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ, բողոքին ներկայ գտնուած են թուրքական ազգայնական «Հայրենիք» (Vatan) կուսակցութեան փոխնախագահ Ալի Մերճանը, նոյն կուսակցութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչ Պեյհան Յըլտըրըմը, «Աթաթուրքի գաղափարների միութիւն» Բեռնի եւ Զիւրիխի տարածքային կազմակերպութիւններու ղեկավար Էթհեմ Քայալըն եւ ուրիշներ: Թուրք ազգայնականները մամուլի համար յայտարարած են, թէ իրենք յուշարձանի տեղադրման հարցով հանդիպած են Ժնեւէն ընտրուած պատգամաւոր, Զուիցերիոյ քաղաքացի յայտնի թուրքամէտ գործիչ Իվ Նիտեկերի հետ: Նշուած է, որ հանդիպման թուրք գործիչները Նիտեկերի հետ քննարկած են «Փերինչեքն ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) վճիռը նմանատիպ դէպքերու համար որպէս նախադէպ կիրառելու հարցը:

Ալի Մերճանն ու Պեյհան Յըլտըրըմը յայտարարած են նաեւ, որ կը պատրաստուին բոլոր այն քաղաքներու դէմ դատական հայցեր ներկայացնել, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յուշարձաններ տեղադրելու թոյլտուութիւններ կը տրամադրեն:

Տողու Փերինչեքի ղեկավարած «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավարները տեղեկացուցած են նաեւ, որ կուսակցութիւնը նախաձեռնութիւն սկսած է, որու նպատակն է՝

Ա. «Աշխատանքներ տանիլ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու կողմէն ընդունուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումները չեղեալ յայտարարելու ուղղութեամբ

Բ.Աշխատանքներ տանիլ Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնելու վերաբերեալ որոշ երկիրներու մէջ ընդունուած օրէնքները չեղարկելու կամ անոնք միայն Հոլոքոստի ժխտման պարագային կիրառելու ուղղութեամբ

Գ. Աշխատանքներ տանիլ ուսումնական ձեռնարկներէն Հայոց ցեղասպանութեան մասին ծրագիրները հանելու ուղղութեամբ

Դ. Աշխատանքներ տանիլ որեւէ տեղ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յուշարձան տեղադրել թոյլ չտալու ուղղութեամբ»:

Այս ծրագիրը իրականացնելու համար ազգայնական կուսակցութեան ներկայացուցիչները Եւրոպայի մէջ բնակող բոլոր թուրքերը ու թուրքական կազմակերպութիւնները միաւորուելու կոչ ըրած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment