Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Հայկական Դպրոցները կը Փորձեն Իրենց Գոյութիւնը Պահպանել

Թուրքիոյ Հայկական Դպրոցները կը Փորձեն Իրենց Գոյութիւնը Պահպանել

by MassisPost

Թուրքիոյ հայկական դպրոցները կը փորձեն իրենց գոյութիւնը պահպանել: Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ մօտ 16 հայկական դպրոց կը գործէ, սակայն ընդհանուր առմամբ 3000 աշակերտ այդ դպրոցներուն մէջ կրթութիւն կը ստանայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Hürriyet»-ը:

Պոլսոյ հայկական դպրոցի հիմնադիր Արսէն Արշիկ Տատայեանի խօսքով՝ 1950-ականներուն 25 հայկական դպրոցներու մէջ 9000 մարդ կ’ուսանէր, այժմ 16 դպրոցներու մէջ ՝ 3000 աշակերտ:

«Թուրքիոյ կրթական համակարգի փոփոխութիւնները կ’ազդեն մեր դպրոցներուն վրայ: Քանի որ բուհերու ընդունելութեան քննութիւնները կ’իրականացուին կեդրոնացուած կրթական համակարգի հիման վրայ, ծնողները կ’ուզեն, որ այնպիսի առարկաներ ինչպիսիք են բնագիտութիւնն (ֆիզիքս) ու ուսողութիւնը (մաթեմաթիքս), որոնք մենք հայերէնով դասաւանդելու իրաւունք ունինք, թրքերէնով ներկայացնենք», – ըսած է Արշիկ:

Ընդհանուր առմամբ Թուրքիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու համար 24 դպրոց կը գործէ: Այս դպրոցներու ներկայացուցիչներէն ոմանք, որոնք այսօր կանգնած են փակման վտանգի առաջ, կը պահանջեն, որ միջոցները աւելի արդարացի բաշխուին, եւ  պետութիւնը անոնց «մասնաւոր դպրոցներէն» տարբերուող կարգավիճակ տայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment