Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հեռուստատեսութեան եւ Ռատիոյի Մասին Նոր Օրինագիծը Մտահոգած է Լրագրողական Կազմակերպութիւնները

Հեռուստատեսութեան եւ Ռատիոյի Մասին Նոր Օրինագիծը Մտահոգած է Լրագրողական Կազմակերպութիւնները

by MassisPost

Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէն, Երեւանի մամլոյ ակումբը եւ «Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոն»ը յայտարարութեամբ հանդէս եկած են, որու մէջ արձանագրած են, թէ օրինագիծը չի լուծեր ոլորտի մէջ կուտակուած խնդիրները:

Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէի ղեկավար Աշոտ Մելիքեան պնդած է, որ օրինագիծը կը հակասէ իրենց առաջարկներուն․ – «Քիչ է ասել, որ չի բաւարարում: Այն սկզբունքօրէն հակասում է այն գաղափարներին, որոնք որ մենք առաջարկում ենք տարիներ շարունակ: Եւ այստեղ փաստօրէն որեւէ փորձ չի կատարուել ոլորտում առկայ լուրջ խնդիրները լուծելու»:

Հասարակական կազմակերպութիւնները նաեւ ցաւով նկատած են, որ Արդարադատութեան նախարարութիւնը ոլորտի մասնագիտացուած հասարակական կազմակերպութիւններուն չէ ներգրաւած կարեւոր այս օրինագիծի մշակման, օրինագիծը գաղտնի պայմաններու մէջ մշակած եւ ուղարկած են Ազգային ժողով։

Աշոտ Մելիքեան ըսած է, որ նախագիծը երկու շաբաթով «ի-տրաֆթ» կայքի մէջ տեղադրելը ամենեւին չի նշանակեր քննարկման դնել: Իսկ գործընթացին իրենց մասնակից չդարձնելու մէջ Մելիքեան միտումնաւորութիւն կը տեսնէ:

Ըստ լրագրողական կազմակերպութիւններու, նոր օրինագիծը լուծում չի տար շարք մը կարեւոր խնդիրներու․ մասնաւորապէս, չլուծուած կը մնայ կարգաւորող մարմնի՝ Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովի, ինչպէս նաեւ Հանրային հեռուստառատիոընկերութեան խորհուրդի անկախութեան խնդիրը։

Թէեւ օրինագիծը նոր սահմանադրութեան կը համապատասխանեցուի, յանձնաժողովի եւ խորհուրդի անդամներու ընտրութիւնը՝ մէկ պարագային ան վերապահելով Ազգային ժողովին, իսկ միւս պարագային՝ վարչապետի որոշմամբ հաստատուած մրցութային կարգին, Աշոտ Մելիքեանի կարծիքով, հազիւ թէ տարբեր որոշումներ ըլլան․ – «Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի ազգային յանձնաժողովը ձեւաւորում էր այս դաշտը իշխող քաղաքական ուժին յարմար ձեւով: Եւ այդ նոյնը հիմա փաստօրէն կատարելու է իր մեծամասնութեամբ Ազգային ժողովը»:

Ըստ Մելիքեանի, դարձեալ պահպանուած են թուային հեռարձակման մասնաւոր ցանցի (մուլթիպլեքս) ստեղծման համար առաջադրուած չափազանց բարդ եւ հսկայական ներդրումներ պահանջող պայմանները: Որպէս հետեւանք մասնաւոր մուլթիպլեքս որեւէ մէկը չուզեր ստեղծել, արդէն երկու տարի է յայտարարուած մրցոյթին մասնակցող չկայ, իսկ մարզերուն մէջ գործող 10-է աւելի տեղական հեռուստաընկերութիւնները դուրս մնացած են թուայնացման գործընթացէն, կը շարունակեն գործել անալոկային ռեժիմով՝ կորսնցնելով լսարանն ու յայտնուելով փակման վտանգի առջեւ․ – «Իմ կանխատեսմամբ, եթէ նրանք որեւէ կերպ չընդգրկուեն թուային ցանցում, նրանք այսպէս երկար չեն կարող գոյատեւել»:

Լրագրողական հասարակական կազմակերպութիւնները պահանջած են Ազգային ժողովէն օրինագիծը վերադարձնել Կառավարութիւն, վերանայիլ այն՝ հաշուի առնելով մասնագիտացուած հասարակական կազմակերպութիւններու եւ փորձագէտներու առաջարկութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment