Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Վանայ լիճի յատակին շուրջ 3000 տարուայ պատմութիւն ունեցող պատմական ամրոց յայտնաբերուած է, այս մասին «tert.am»ի հաղորդմամբ, կը տեղեկացնէ թրքական «Միլլիյէթ» պարբերականը:
Վանի «Եուզունճու եըլ» համալսարանի ջրային հետազօտութիւններու բաժնի դասախօս, փրոֆեսոր Մուսթաֆա Ակքուշ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ յայտնաբերուած ամրոցը կը պատկանի ուրարտական ժամանակաշրջանին:
Ըստ թուրք փրոֆեսորի, շուրջ 600 000 տարուայ պատմութիւն ունեցող Վանայ լիճի մակարդակը պատմական որոշակի ժամանակահատուածի իջած է, ինչի արդիւնքով մարդիկ ջուրի ափին հիմնուելով, այստեղ կառուցած են տարբեր շինութիւններ: Սակայն աւելի ուշ, երբ ջուրի մակարդակը նորէն բարձրացած է, բնակչութիւնը այս շրջանէն ետ քաշուած է, իսկ անոնց թողած քաղաքակրթական հետքերը մնացած են ջուրի տակ:
Ան նաեւ աւելացուցած է, որ քանի որ Վանայ լիճի ջուրը աղի է, ամրոցի պատերը հիանալի կերպով պահպանուած են ջուրի տակ եւ բոլորովին չեն վնասուած:
Նշենք, որ աւելի վաղ Վանայ լիճի յատակին «Աղթամարի բեռնատար» անունով նաւ յայտնաբերուած էր: Յայտնի է, որ նաւը ռուսներու կողմէն ապսպրուած էր եւ 1915-ի մօտերը, եւ կառուցուած էր այն ժամանակ Ռուսական կայսրութեան սահմաններէն ներս գտնուող պատմական հայկական Արճեշի շրջանի նաւաշինարարներու կողմէն: Ռուսական զօրքերու ետ քաշուելէն ետք նաւը օգտագործած են թուրքերը, եւ մինչև 1958-ի խորտակումը նաւը ծառայած է որպէս բեռնափոխադրման միջոց: