Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրքական ԶԼՄ-ներու Ուշադրութեան Կեդրոնը «Լաւ» Կուսակցութեան Հիմնադիր Հայ Անդամներն են

Թրքական ԶԼՄ-ներու Ուշադրութեան Կեդրոնը «Լաւ» Կուսակցութեան Հիմնադիր Հայ Անդամներն են

by MassisPost

Թուրքիոյ քաղաքական ասպարէզ յայտնուած նոր՝ «Լաւ» կուսակցութիւնը, որու հիմնադիրը նախկին պաշտպանութեան նախարար Մերալ Աքշենէրն է, լուրջ յայտ ներկայացուցած է յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն խորհրդարան (մէճլիս) մտնելու համար: Շատերը այս կուսակցութեան միանալու նպատակով լքած են «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան շարքերը:

Թրքական լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը վերջին օրերուն կեդրոնացած է այն տեղեկատուութեան վրայ, որ կուսակցութեան հիմնադիր անդամներու շարքին երկու հայ կայ:

Անոնցմէ մէկը «Լաւ» կուսակցութեան հիմնադիր խորհուրդի անդամ Էլմաս Կիրակոսն է: Տեղական լրատուամիջոցներէն մէկուն տուած հարցազրոյցն մէջ ըսած էր. «Ես եկեղեցի կ’երթամ, գիտեմ իմ Աստծուն: Ես հայ եմ եւ երբեք չեմ թաքցներ  ինքնութիւնս: Թուրքիոյ քաղաքացի եմ, սակայն ազգութիւնս հայ է»:

Թրքական ԶԼՄ-ները յատկապէս ուշադրութիւն դարձուցած են կուսակցութեան միւս հիմնադիր անդամի հայկական ծագման վրայ, նշելով, որ անոր ազգային պատկանելութիւնը փորձուած է թաքցնել: Համաձայն թրքական ԶԼՄ-ներու հրապարակումներուն, հայկական ծագում ունի կուսակցութեան փոխնախագահ Թայլան Եըլտըզը, որ աշխատած է Google-ի մէջ եւ յայտնի է որպէս Google-ի «հանճարեղ զաւակ»: Ան կուսակցութեան տեղեկատուութեան եւ թեխնոլոկիաներու հարցերով պատասխանատուն է:

Յայտնի թուրք կին քաղաքական գործիչ Մերալ Աքշենէր, որ կ’ակնկալուի, որ Թուրքիոյ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն ըլլայ Էրտողանի հիմնական մրցակիցը, 25 հոկտեմբերին ներկայացուցած էր իր հիմնած նոր կուսակցութիւնը, անոր գաղափարախօսութիւնն ու նպատակները:

Աքշենէր որպէս կուսակցութեան հիմնական նպատակ նշած է, որ պէտք է պահպանել հանրապետութեան հիմնադրման փիլիսոփայութիւնը, սակայն քալել ժամանակին համընթաց, ապահովել հաւասար հնարաւորութիւններ բոլորի համար, պահպանել սեփականութեան իրաւունքը, յարգել դաւանանքի եւ խօսքի ազատութիւնը, հասնիլ արդար ու անկողմնակալ դատական համակարգի, պայքարիլ կաշառակերութեան դէմ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment