Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտպանել Ընտանեկան Բռնութեան Դէմ Օրէնքները

Պաշտպանել Ընտանեկան Բռնութեան Դէմ Օրէնքները

by MassisPost

Աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ ընտանեկան բռնութիւնը տարածուած ընկերային յոռի  երեւոյթ մըն է, որուն դէմ կը պայքարին միջազգային կազմակերպութիւններ ու պետութիւններ: Աշխարհի 120 երկիրներու խորհրդարաններէն ներս  օրէնսդրական քայլեր ձեռք առնուած են կանխելու համար ընտանիքներէ ներս ամէն տեսակի բռնութիւն` յատկապէս երեխաներու եւ   կանանց  նկատմամբ:

Վերջերս Հայաստանի Արդարադատութեան Նախարարութեան կողմէ մշակուած`  «Ընտանեկան բռնութեան  կանխարգելման եւ ընտանեկան բռնութեան ենթարկուած անձանց պաշտպանութեան մասին» օրինագիծ մը  դրուեցաւ   հրապարակային քննարկման: Ի զարմանս շատերու, այս օրինագիծին դէմ հանդէս եկողներու մեծ խումբ մը ի յայտ եկաւ, որ բաւական աղմուկ ստեղծելով առայժմ կը յաջողին խանգարել նման օրէնքի մը ընդունումը Ազգային Ժողովին կողմէ: Հանրային քննարկման մը ընթացքին, օրէնքին դէմ եղողները այնպիսի բուռն ձեւով կ’ընդդիմանային, որ կարծէք թէ մահ ու կենաց հարց դարձած էր անոնց համար:  Օրէնքին դէմ եղողները  կը պնդեն, թէ այն թելադրուած է օտար երկիրներու կողմէ եւ որ Հայաստանի մէջ նման հասարակական պահանջ գոյութիւն չունի: Միւս կողմէ, օրէնքը պաշտպանող քաղաքացիական կազմակերպութիւնները կը յիշեցնեն որ, միայն վերջին հինգ տարիներուն 50 անձեր զոհ դարձած են ընտանեկան բռնութեան, իսկ աւելի քան 700 բռնութեան դէպքեր պաշտօնապէս արձանագրուած են:

Հակառակ որ  Արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան բազմիցս յայտարարած է, որ այս նախագծով երեխաներուն ծնողներէն վերցնելու որեւէ քայլեր չեն  սահմանուած եւ  կը միտի բացառապէս  ընտանեկան բռնութեան  ենթարկուած  անհատներու պաշտպանութեան, այդուհանդերձ  խումբ մը «գործիչներ» կը  շարունակեն  պնդել իրենց տեսակէտին վրայ:

Ընտանեկան բռնութիւններէ պաշտպանուիլը մարդկային իրաւանց տարրական իրաւունք մը է, որուն հետամուտ պէտք է ըլլան բոլորը եւ առաջին հերթին Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի: Նման օրէնքները վեր են քաղաքական տարակարծութիւններէ եւ բոլորի մտահոգութեան առարկան պէտք է դառնան: Եթէ մեր երկիրը պիտի դասուի զարգացած հասարակութիւններու շարքին, պէտք է դուրս գալ կարծրատիպերէ ու ողջունել  նման քայլերը:

 «ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment