Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Կոչ Կ’ընէ Ղարաբաղի Շփման Գիծին Հետաքննութեան Մեխանիզմ Տեղակայել

ԱՄՆ Կոչ Կ’ընէ Ղարաբաղի Շփման Գիծին Հետաքննութեան Մեխանիզմ Տեղակայել

by MassisPost

ԱՄՆ կրկին իր վճռական աջակցութիւնը կը յայտնէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին եւ բարձր կը գնահատէ միջնորդներու աշխատանքը ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման գործին: Այս մասին ԵԱՀԿ Մշտական խորհուրդին մէջ յայտարարած է ԵԱՀԿ-ի ԱՄՆ առաքելութեան ժամանակաւոր ղեկավար Հարի Քամիան:

Անոր խօսքով, ԱՄՆ-ն կ’ողջունէ 16 հոկտեմբերի հանդիպման արդիւնքներով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներու համատեղ յայտարարութիւնը:

Ամերիկացի դիւանագէտը կոչ ըրած է կողմերուն իրագործել Վիեննայի ու Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումներուն ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնները:

«Կողմերը պայմանաւորուած են ընդլայնել ԵԱՀԿ գործող նախագահի մանդատը, որ, յոյսով ենք, կ’արտացոլուի ԵԱՀԿ 2018 թուականի պիւտճէին մէջ: ԱՄՆ նաեւ կոչ կ’ընէ կողմերուն աշխատիլ ԵԱՀԿ հետաքննութիւններու մեխանիզմներու ստեղծման առաջարկներուն շուրջ», ըսած է Քամիան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment