Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուսանողները Մերժած են Կառավարութեան Առաջարկը. Բողոքի Ցոյց կը Շարունակուի

Ուսանողները Մերժած են Կառավարութեան Առաջարկը. Բողոքի Ցոյց կը Շարունակուի

by MassisPost

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունած է կառավարութեան շէնքի առջեւ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրինագիծի դէմ բողոքի ցոյց իրականացնող ուսանողներու ներկայացուցիչները: Հանդիպման ներկայ գտնուած են նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը եւ Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանը:

«Այսօրուայ հանդիպումը ցանկանում ենք անցկացնել՝ հաշուի առնելով, որ ձեզնից իւրաքանչիւրը երկրի առջեւ զգում է իր պարտքն ու պատասխանատուութիւնը:  Հարցադրումներ անելիս վստահ եմ՝ մեզնից իւրաքանչիւրը հասկանում է, թէ ինչ պարտաւորութիւններ եւ պարտք ունի որպէս քաղաքացի, ինչպիսի մարտահրաւէրներ ունենք: Եթէ մտավախութիւն կայ, որ այս օրէնսդրական փոփոխութիւններով կարող ենք ինչ որ բան խաթարել, ապա անհրաժեշտ է դիտարկել նաեւ այն երկրների օրինակները, որոնք մեզ նման են, ու արդեօք ձեր կողմից բերուած փաստարկներն այդ երկրներում աշխատում են, թէ՝ ոչ, դրանից գիտութիւնը տուժում է, թէ՝ ոչ, մեր քաղաքացին աւելի անպատրաստ է, թէ՝ ոչ: Բոլորս համոզուած ենք եւ գիտակցում ենք, որ եթէ խելացի չլինենք՝ լաւ ապագայ չենք ունենայ: Այդ առումով, մենք շատ լաւ կշռադատում, հաշուարկում ենք իւրաքանչիւր քայլ, որը կարող է դրան վնասել», հանդիպման սկիզբը ըսած է Կարէն Կարապետեան:

Այնուհետեւ ուսանողները ներկայացուցած են իրենց մտահոգութիւններն ու դիտարկումները, որոնց վերաբերեալ տրուած են մանրամասն պարզաբանումներ:

Նշուած է, որ ուսանողներու կողմէ բարձրացուած հիմնական մտահոգութիւնները ոչ թէ օրէնքի կարգաւորման առարկայ են, այլ պիտի կարգաւորուին ենթաօրէնսդրական գործերով:

Վարչապետն ու պաշտպանութեան նախարարը ընդգծած են, որ պիտի նախատեսուի օրէնքէն բխող մօտ եօթ տասնեակ կառավարութեան որոշումներու ընդունում, եւ ցոյցը նախաձեռնող խումբի ներկայացուցիչներուն առաջարկուած է ընդգրկուիլ այդ որոշումներու նախագիծերը մշակող աշխատանքային խումբին մէջ ու ներկայացնել իրենց առաջարկներն ու մօտեցումները: Ուսանողներու կողմէ առաջարկութիւնը չէ ընդունուած: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութենէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment