Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Գրականագէտ-Արուեստաբան Երուանդ Տէր Խաչատուրեան Պիտի Ներկայացնէ Նկարիչ Փանոս Թերլէմեզեանի Յուշերու Նորագիւտ Հատորը

Գրականագէտ-Արուեստաբան Երուանդ Տէր Խաչատուրեան Պիտի Ներկայացնէ Նկարիչ Փանոս Թերլէմեզեանի Յուշերու Նորագիւտ Հատորը

by MassisPost

Անուանի գրագէտ-արուեստաբան Երուանդ Տէր Խաչատրեան (Եուրի Խաչատրեան) Օգոստոս ամսուն պիտի այցելէ Ամերիկա, եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հովանաւորութեամբ պիտի մասնակցի գիրքի երեք շնորհահանդէսներու, ներկայացնելով նկարիչ Փանոս Թերլեմէզեանի յուշերու նորագիւտ հատորը, Ուոթըրթաունի, Էնկլուուտ Քլիֆ, Նիւ Ճըրզիի եւ Կլէնտէյլ Գալիֆորնիոյ մէջ:

Նկարիչ Թերլեմէզեանի յուշերու հատորը վերջերս գտնուած է Պետական պատկերասրահի արխիւներուն մէջ եւ հրատարակուած է Ամերիկայի եւ Գանատայի Թէքէեան Մշակութային Միութեան միջոցաւ:

Փանոս Թերլեմէզեան անուանի հայ նկարիչ մըն էր, որուն անունով կոչուած է Երեւանի Թերլեմէզեան արուեստի ինստիտուտը:

Թերլեմէզեան բազմակողմանի անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր հետքը թողած է հայ արդի պատմութեան վրայ: Իբրեւ Վանի Արմենական կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկը` ան ղեկավարներէն հանդիսացած է 1915-ի Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութեան, որուն շնորհիւ Վասպուրականի հայութիւնը մեծ մասամբ ազատեցաւ Ցեղասպանութենէն, ապաւինելով ներկայ Հայաստանի հողին վրայ: Թերլեմէզեան եւս մաս կը կազմէր գաղթականներու այդ ստուար զանգուածին:

Աւելի հասուն տարիքին Թերլեմէզեան որոշած է յառաջացնել իր տաղանդը արուեստի բնագաւառին մէջ, ուսանելով Մոսկուայի, Սենթ Փեթերսպուրկի եւ Փարիզի մէջ:

Թերլեմէզեանի յուշերու գիւտը հանդիսացաւ գանձ մը, ոչ միայն իբրեւ յուշագրութիւն Վանի կեանքին եւ անոր դիւցազնական մարտերուն մասին, այլ իբրեւ յայտնութիւն արուեստագէտին գրական անուրանալի տաղանդին:

Բացի Թերլեմէզեանի յուշերու խմբագրումէն, Ե. Տէր Խաչատրեան հսկայածաւալ գործ կատարած է հայրենիքի մէջ մակաբերելով, խմբագրելով եւ հրատարակելով արեւմտահայ գրականութեան գանձերը: Հայաստանի մէջ քիչեր ծանօթ են արեւմտահայ գրականութեան գլուխ գործոցներուն, որոնց մասնագէտները կը հանդիսանան Սուրէն Դանիէլեան եւ հանգուցեալ Ալպէր Կոստանեան: Երուանդ Տէր Խաչատրեան այսօր գրեթէ առանձին կը տարածէ արեւմտահայ գրականութիւնը Հայաստանի մէջ:

Երուանդ Տէր Խաչատուրեան Գրականագէտը
Երուանդ Տէր Խաչատրեան ծնած է 1949-ին, Հայաստանի Վետիի շրջանի Քարախաչ գիւղին մէջ: 1975-ին, աւարտած է Հայաստանի Պետական համալսարանի բանասիրական ճիւղը: 1973-ին, ստացած է իր ասպիրանտուրան, ժամանակակից հայ գրականութեան պատմութեան մէջ, իբրեւ թէզ ներկայացնելով Պարոյր Սեւակի քնարերգութիւնը:

Իբրեւ գիտաշխատող ծառայած է Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին (1972-79): 1979-էն 82 փոխ-տնօրէն Հայաստանի պետական պատկերասրահին: 1979-էն 2000 թուականը ռուսական գրականութիւն դասաւանդած է Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ:

Անոր գրականագիտական աշխատանքները կ’ընդգրկեն Պարոյր Սեւակի, Կոստան Զարեանի, Հրանդ Նազարեանցի, Ինտրայի (Տիրան Չրաքեան), Կարպիս Սուրէնեանի, Ալպէր Կոստանեանի, Աբրահամ Ալիքեանի եւ Կարիկ Պասմաճեանի երկերը: Անոր աշխատանքները առաւել չափով կեդրոնացած են արեւմտահայ գրականութեան վրայ: Ան կազմած եւ հրատարակած է Հրանդ Նազարեանցի (1884-1962), գոյութիւն ունեցող միակ հատորը «Աստեղահեւ մենութիւն», ընդարձակ նախաբանով եւ ծանօթագրութիւններով: Ինտրայի արխիւը համարեա’ գոյութիւն չունի, բացի իր երկու հատորներէն («Ներաշխարհ՚» եւ «Նոճաստան»), իր գործերը ցրուած են ժամանակակից գրական մամուլին մէջ: Տէր Խաչատրեան հաւաքած, ծանօթագրած եւ ամփոփած է Ինտրայի գործերը, երկու հատորներու մէջ «Հովին Ձայնը» վերնագրով: Ա. հատորը արդէն լոյս ընծայուած է, իսկ Բ. հատորը կը սպասէ բարերարի մը բարի հովանաւորութեան:

Տէր Խաչատրեան գրականագիտական խոր պատրաստութեամբ հրատարակած է Կարիկ Պասմաճեանի, Աբրահամ Ալիքեանի, Պեպօ Սիմոնեանի գործերը: Իր դասախօսական եւ գրականագիտական աշխատանքներու կողքին Տէր Խաչատրեան խմբագրած է «Վարուժան գրական-մշակութային ամսաթերթը (1996-98), «Նորք» ամսագիրը (1998-99) եւ «Գրական թերթ»-ը:

Ներկայիս ան Երեւանի Պետական Համալսարանի արտասահմանեան գրականութեան ամպիոնի դասախօս է: Ան անդամ է Հայաստանի Գրողներու Միութեան, Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան, Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան եւ Լրագրողներու Միջազգային միութեան:

Փանոս Թերլեմէզեանի յուշերու հատորին շնորհահանդէսները պիտի կայանան հետեւեալ քաղաքներուն մէջ, կազմակերպութեամբ ԹԹՄ-ի համապատասխան մասնաճիւղերուն` Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի Ուրբաթ, Օգոստոս 4-ին,  ժամը 8-ին Թէքէեան կեդրոն, 560 Sylvan Ave, Englewood Cliffs, New Jersey: Պոսթըն, Կիրակի, Օգոստոս 6-ին, ժամը 12:30-ին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Լոս Անճելըս Կաթողիկէ հայոց եկեղեցւոյ Գույումճեան սրահին մէջ, 1510 E. Mountain Street, Glendale. Լոս Անճելըսի յայտագիրին կը մասնակցին նաեւ Լիլիթ Քէհեայեան եւ Երուանդ Ազատեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment