Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տինքի Սպանութեան Գործով Կալանաւորուած Չորս Ոստիկաններ Ազատ Արձակուած են

Տինքի Սպանութեան Գործով Կալանաւորուած Չորս Ոստիկաններ Ազատ Արձակուած են

by MassisPost

Պոլսոյ դատարանը Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով կալանաւորուած ռազմական ոստիկանութեան չորս աշխատակիցներ ազատ արձակած է:  Անոնցմէ երկուքը լուսանկարուած էին սպանութեան անմիջական   կատարողին՝ Օկիւն Սամասթին հետ,  իրենց ձեռքերուն՝ Թուրքիոյ դրօշը :

«Hurriyet Daily News»ի  փոխանցմամբ,   3 Օգոստոսին Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու գործերով դատարանի   որոշմամբ ազատ արձակուած են կապիտան Մուրատ Պայարք,  սերժանտներ Պիրոլ Ուսթաօղլու եւ Եուքսէլ Աւան,  պաշտօնաթող փոխգնդապետ Աթիլա Կիւչլուօղլու: 2007-ին,  Հրանդ Տինքի սպանութեան ժամանակ անոնք բոլորը   ծառայութեան մէջ  էին Սամսուն նահանգ ի մէջ:

Տինքի  սպանութեան գործով  85 կասկածեալ կայ, որոնցմէ 25-ը կալանքի տակ են, 10-ը կը հետախուզուին:  Վերջին շրջանին Թուրքիոյ իշխանութիւնները կասկածեալներու շարքին մէջ ընդգրկեցին ԱՄՆ բնակող կրօնական գործիչ   Ֆեթուլահ Կւլէնի շարք մը կողմնակիցներ եւ նաեւ անձամբ Կիւլէնը:

Յիշեցնենք, որ  «Ակօս»  թերթի խմբագիր Հրանդ Տինք խմբագրութեան  շէնքին դիմաց սպաննուեցաւ  2007-ի  Յունուարին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment