Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը եւ Եւրոմիութիւնը Պատրաստ են Խորացնել Յարաբերութիւնները

Հայաստանը եւ Եւրոմիութիւնը Պատրաստ են Խորացնել Յարաբերութիւնները

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը պատրաստակամ է շարունակել ու խորացնել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ՝ յայտարարած է կառոյցի արտաքին գործոց նախարար Ֆետերիքա Մոկերինին Պրիւքսէլի մէջ, ուր այսօր տեղի ունեցած է Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան խորհուրդի հերթական նիստը:

Երկկողմ յարաբերութիւններէն բացի, Եւրոմիութեան ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են նաեւ տարածաշրջանի իրավիճակը: Պաշտօնական Պրիւքսէլը վերահաստատած է հայ-թրքական հաշտեցման աջակցելու իր պատրաստակամութիւնը՝ կոչ ընելով կողմերուն ներգրաւուիլ այդ գործընթացին մէջ առանց նախապայմաններու:

«Եւրոմիութիւնը կ’ուզէ ընդլայնել եւ խորացնել համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ: Մենք արդէն իսկ Հայաստանի թիւ մէկ առեւտրային գործընկերն ենք, ամենամեծ միջազգային նուիրատուն, եւ պատրաստ ենք շարունակել աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, այդ շարքին՝ տնտեսութեան զարգացման, առեւտուրի  միջավայրի բարելաւման, դատական համակարգի, մարդու իրաւունքներու ոլորտի, կաշառակերութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ: Հարցեր, որոնք շատ յստակ եւ հրատապ են Հայաստանի քաղաքացիներու համար», – հանդիպման աւարտին յայտարարած է Մոկերինին՝ աւելցնելով․ – «Մենք քննարկած ենք նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը: Եւրոմիութեան համոզմամբ՝ «ստատուս քո»ն անկայուն է, եւ անհրաժեշտ է հակամարտութեան շուտափոյթ քաղաքական կարգաւորում՝ միջազգային օրէնքներու համաձայն: Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ սատարել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու առաջարկները»:

Պաշտօնական Երեւանն ու Պրիւքսէլը երկու ամիս առաջ նախաստորագրած են Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան նոր համաձայնագիր, որ, ըստ կողմերու, նոր էջ պիտի բանայ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցմամբ՝ երէկ Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ-ԵՄ համագործակցութեան խորհուրդի 17-րդ նիստի մասնակիցները յոյս յայտնած են, որ համաձայնագիրը հնարաւոր կ’ըլլայ ստորագրել ԵՄ Արեւելեան գործընկերութեան պրիւքսէլեան գագաթնաժողովի ընթացքին:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանը նշած է, որ Հայաստանը կը շարունակէ յանձնառու մնալ Արեւելեան գործընկերութեան նպատակներուն եւ իր նպաստը բերած է այդ բազմակողմ ձեւաչափով իրականացուող համատեղ ջանքերուն:

Ընդգծուած է Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան աշխոյժ համագործակցութիւնը մուտքի արտօնագիրներու դիւրացման գործընթացի եւ ետընդունման համաձայնագիրներու իրականացման ուղղութեամբ: Նալպանտեան այս շրջագիծէն  ներս  նշած է, որ Հայաստանը կ’ակնկալէ մեկնարկել մուտքի արտօնագրի ազատականացման շուրջ երկխօսութիւնը, ինչպէս որ աւելի վաղ նախանշուած էր Ռիկայի մէջ:

Ան անդրադարձած է նաեւ 2 ապրիլին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն` նշելով, որ անոնց հետեւած էին աննախադէպ մեծ թիւով միջազգային դիտորդներ, որոնք յայտարարած էին, որ ընտրութիւնները եղած են լաւ կազմակերպուած, հիմնարար ազատութիւնները պաշտպանուած են, եւ արդիւնքները արտայայտած են բնակչութեան կամքը: Նալպանտեան երախտագիտութիւն յայտնած է Եւրոպական միութեան՝ ընտրական գործընթացի թափանցիկութիւնը ապահովելու նպատակով տնտեսական ու թեխնիքական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:

Էտուարտ Նալպանտեան ներկայացուցած է Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ պետութիւններու ջանքերը՝ ղարաբաղեան հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման ուղղութեամբ:

Ան շեշտած է, որ 2016 թուականի ապրիլի սկիզբը Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը ամենալայնամաշտապ ռազմական գործողութիւններն էին 1994 եւ 1995 թուականներու եռակողմ զինադադարի համաձայնագիրներու կնքումէն ի վեր, եւ այդ յարձակման ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումները Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը ահաբեկելու նպատակ հետապնդած էին:

Կարեւորելով Եւրոպական միութեան սկզբունքային դիրքորոշումը՝ հիմնահարցի խաղաղ հանգուցալուծման այլընտրանքի բացակայութեան վերաբերեալ, Նալպանտեանը նշած է, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ չկատարել  Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպըրկի գագաթնաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, թէեւ անոնց կարեւորութիւնը շարունակաբար կ’ընդգծուի, ներառեալ՝ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու՝ վերջերս Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ:

Էտուարտ Նալպանտեան ընդգծած է, որ Հայաստանը կ’ակնկալէ շարունակել արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը Եւրոպական միութեան հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment