Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էմմանուէլ Մագրոնի Յաղթանակը

Էմմանուէլ Մագրոնի Յաղթանակը

by MassisPost

Անցնող շաբաթավերջին աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռած էր Ֆրանսայի վրայ, ուր տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը: Իրար դէմ կը պայքարէին չափաւորական  Էմմանուէլ Մագրոնը եւ ծայրայեղ ազգայնական կուսակցութեան առաջնորդ` Մարի Լէ Փանը: Ձայներու 66 տոկոսը ստանալով, 39 տարեկան Մագրոն  դարձաւ Նափոլիոնէն ի վեր Ֆրանսայի ամենէն երիտասարդ ղեկավարը:

Մարի  Լէ Փան իր ընտրարշաւը կառուցած էր գաղթականները երկիրէն արտաքսելու եւ  Ֆրանսան  Եւրոպական  Միութենէն դուրս բերելու մեկուսացման ծրագիրներուն  վրայ ու այս ուղղութեամբ կը տանէր այլատեաց քարոզչութիւն:

Յատկապէս Եւրոպայի տարածքին կար մտավախութիւն, որ Տոնալտ Թրամփի օրինակը կրնայ տարածուիլ  ովկիանոսի  միւս կողմը եւ պատճառ դառնալ եւրոպական միացեալ  կառոյցներու քայքայման եւ   ծայրայեղական գաղափարներու տարածման: Սակայն, Ֆրանսայի  աւանդական կուսակցութիւնները` սոցիալիստներն ու պահպանողականները, ընտրութիւններու առաջին փուլին պարտութիւն կրելէ  ու ընտրապայքարէն դուրս մնալէ ետք, ցուցաբերեցին  բարձր գիտակցութիւն ու կոչ ըրին իրենց կողմնակիցներուն, քուէարկելու նորայայտ Մագրոնին,   Լէ Փաններու առաջքը առնելու համար:

Էմմանուէլ  Մագրոնի յաղթանակը եկաւ կասեցնելու ազգայնամոլական շարժումներու յառաջխաղացքը: Նախապէս նոյնը ըրած էին  Հոլանտայի եւ Աւստրիոյ քուէարկողները, ետ մղելով ֆաշիստական գաղափարներով սնանող գործիչները: Սակայն, նկատի առնելով Ֆրանսայի կարեւոր դերակատարութիւնը եւրոպական ու միջազգային թատերաբեմերուն վրայ, Լէ Փենի յաղթանակը կրնար վտանգել ամբողջ ցամաքամասի կայունութիւնը:

Այս բոլորի կողքին, Էմմանուէլ Մագրոնի յաղթանակը կարեւոր էր նաեւ հայութեան համար: Նախընտրական շրջանին Մագրոն հանդէս եկաւ բազմաթիւ յայտարարութիւններով` Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի հարցի խաղաղ լուծման գծով ջանքեր գործադրելու ուղղութ-եամբ: Ան, Ապրիլ 24-ին Փարիզ մէջ ներկայ եղաւ Ցեղասպանութեան 102-ամեակի արարողութեան:

Ֆրանսայի ժողովուրդը դասեր քաղելով Ամերիկայի ընտրութիւններէ, յաջողեցաւ չիյնալ այն ծուղակին մէջ, ուր կը գտնուի այսօր Միացեալ Նահանգները`  Թրամփի ընտրութեան հետեւանքով:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment